Յուլիս 30-ին Ռումանիոյ Թուլչա քաղաքին մէջ, Ազգային ֆիլմերու փառատօնի ծիրէն ներս, Ռումանիոյ Հայոց միութեան կազմակերպմամբ եւ աջակցութեամբ տեղի ունեցած են հայկական մշակութային ձեռնարկներ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Ձեռնարկներուն բացման խօսքով հանդէս եկած է Թուլչայի նահանգային խորհուրդի խորհրդական, Ռումանիոյ Հայոց միութեան Թուլչայի մասնաճիւղի նախագահ Էտուարտ Լուչիան Սիմիոնը:
Ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի ունեցած են Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանորդ Աշոտ Գրիգորեանի հանդիպումները Թուլչայի նահանգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ազգային ֆիլմերու փառատօնի ընթացքին ցուցադրուած է գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմը, իսկ համերգային ծրագիրին ելոյթ ունեցած է Կերլա (նախկին Արմէնուփոլիս) քաղաքի «Հայաքաղաք» պարախումբը: Նոյն օրը Թուլչայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Կոնստանցայի հոգեւոր հովիւ Տէր Օշական քահանայ Խաչատրեանի կողմէ մատուցուած է սուրբ պատարագ:
Թուլչան համանուն նահանգի վարչական կեդրոնն է, որ կը գտնուի Ռումանիոյ սեւծովեան Տոպրոճա շրջանին մէջ: Թուլչա նահանգը աշխուժօրէն կը համագործակցի ՀՀ Տաւուշի մարզին հետ: