Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

The Telegraph-ը Անդրադարձած Է Պրազիլահայ Ոսկերիչ Արա Վարդանեանի Աշխատանքներուն

Լոնտոնի ամենայարգի թաղամասերէն մէկուն` Մէյֆէյրի մէջ, բացուած է պրազիլահայ յայտնի ոսկերիչ Արա Վարդանեանի նոր խանութ-սրահը, որուն կողքով, ըստ բրիտանական The Telegraph պարբերականին, հնարաւոր չէ անտարբեր անցնիլ:

«Իմ խանութիս մէջ ամէն ինչ ըրած եմ , որպէսզի նոյնիսկ Լոնտոնի սրտին մէջ ես կտրուած չըլլամ ինծի հոգեհարազատ դարձած պրազիլական միջավայրէն»,-ըստ Tert.am-ի` կը մէջբերէ աղբիւրը ոսկերիչին խօսքերը:

Հեղինակաւոր պարբերականը կը մանրամասնէ, որ Վարդանեան ծնած է Սան Փաուլոյի մէջ` ոսկերիչներու ընտանիքի ներքոյ: Սկիզբը ան զբաղուած է թանկարժէք քարերու վաճառքով, իսկ 2000թ. յետոյ հանդէս  եկած է որպէս ոսկերիչ:

Յայտնի է, որ նորաբաց խանութին մէջ վաճառքի պիտի հանուի Վարդանեանի ոսկերչական գլուխգործոցներէն մօտ 350 նմուշ` զարդարուած հատընտիր ադամանդներով ու այլ թանկարժէք քարերով:

The Telegraph-ի հետ զրոյցին Վարդանեան պատմած է, որ Լոնտոնի մէջ խանութ-սրահ բանալու հարցով զինք քաջալերած ու ամէն ինչով աջակցած է supermodel Քէյթ Մոսը, որ կը հանդիսանայ հայազգի ոսկերիչի ամենահաւատարիմ երկրպագուներէն մէկը, որ  տարատեսակ ձեռնարկներու կը ներկայանայ  անոր ստեղծած զարդերով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին