Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Սնանկը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Չեմ յիշեր ո՛ր դասապահն էր՝ միայն այն, թէ քննութեան պահ էր, տետրակիս նախկին էջերը կը պրպտէի հոնկէ ակնկալելով օգնութիւն՝ հարցումի մը պատասխանելու, մինչ լսուեցաւ ուսուցիչին ձայնը. «Հրեան երբ սնանկանայ, հին տետրակները կը պրպտէ»: Ի հարկ է անձնական դաս չըլլալուն ՝ գլանը կը հարուածէր զիս…։

Թէ մենք՝ հայերս ինչե՜ր կը յիշենք անցեալէն. սնա՞նկ ենք, թէ կը յիշենք Վահան Թէքէեանի հետեւեալ խօսքը.

«Կարենալու համար ապրիլ այսուհետեւ
Օդի, ջուրի, հացի նման
Մենք պէտք ունինք հպարտութեան»:

Հիմա մի քանի մտորումներ կ’երթեւեկեն գլխուս մէջ: Երբ Դիմատետրէն կարդացի հայու մը մէկ փառաւոր անցեալէն էջ մը, կամ գիւտ մը, ես ալ գրեցի. «Հպարտանալու առի՞թ կը փնտռենք», իբր նկատողութիւն:

Կը սկսինք ասկէ անկէ, հոսկէ հոնկէ քաղաքակիրթ կոչուած ազգերու զաւակներէ մէջբերումներ կատարել՝ հայու մասին իրենցմէ դրուատալից խօսքերէն, որոնցմէ ամենակարկառունը Լորտ ճորճ Կորտըն Պայրընի հետեւեալ խօսքն է. «Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն հայերէնն է»:

Եկուր տես, որ մենք ի՛նչպէս կը վարուինք մեր լեզուին հետ (ինծի համար ամէնէն անորոշ բառը մենք բառն է, քանզի կ’իշխէ հատուածականութիւնը. այս ալ ուրիշ հարց):  Իսկ չէ՞ որ հայերէնը հա՛յն է, որ պիտի պահպանէ, ուստի նախընթացը կ’երթայ հայապահպանման, որուն մէջ ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ մանաւանդ Հայրենիքի, որ կորիզը պիտի ըլլայ ամբողջ հայութեան, կը հիւծի նոյնիսկ իր թուաքանակով, եւ ժամանակ մը ետք, եթէ արդէն չէ, Հայաստան ըսելով պիտի հասկնանք երկրագունդը ամբողջ- «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»…։

Ուրիշ կէտ մըն ալ… մեր առաջին քրիստոնեայ պետութիւն ըլլալն է. իսկ թէ ո՛րքան  ճանչցած ենք քրիստոնէութիւնը, այդ բոլորովին ա՛յլ հարց: Մեր քրիստոնէութիւնը քարէ եկեղեցիներ կառուցելու, շարականներ յօրինելու, խաչքարեր քանդակելու մէջ կը կայանայ… (ի միջի այլոց ճարտարապետ մը ըսաւ, թէ եկեղեցիի պատերուն մէջ զետեղուած են դատարկ կուժեր, արձագանգը զսպելու… հայ հանճար…): Իսկ եթէ Սաղմոսներէն առնէինք հետեւեալ խօսքը ու գործադրէինք. «Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ իմ ձեռքերս կռուելու կը վարժեցնէ»… հիմա ո՞ւր կ’ըլլայինք արդեօք… փոխանակ ինքերգութեամբ՝ «Սրտի խորքերից խօսք Աստուծոյ»- յղէինք…:

Չէ, մենք այդքան քաջ չենք: Ունեցած ենք բացառիկներ… բայց անբաւարար…:

«Եթէ տիրել ենք, ձիրքերով միայն»…։ (Պ. Սեւակ)
«Շինել ենք կամուրջ, կապել ենք կամար»։ (Պ. Սեւակ)
«Բայց որո՞ւ համար…
Այդ կամուրջներէն մեզ թափեցին վար
Կամուրջներն եղան մեզի շիրմաքար» (Ս. Արմէն)

Հասնինք նորանկախ Հայաստանին.-

«Ասուլիսի մը ընթացքին գերմանահայ հանրային յարաբերութեանց մասնագէտ, փիլիսոփայութեան դոկտոր Վազրիկ Պասիլ կ’ըսէ. «Հայերը այժմ աշխարհին կը ներկայանան ոչ թէ որպէս արարող, այլ ինքնթանգարանացման ուղին բռնած ազգ»: Այլ տեղ՝ «Սեպենք թէ Ադամ  Եւան  ալ հայ են, յետոյ ի՞նչ»… եզրակացնելով՝ «իւրայատուկ ըլլալու համար յաճախ անհրաժեշտ չեն մեծ ներդրումներ: Մենք պէտք է աւելի քիչ ներդրում ընենք պեթոնի (սիմենդ) եւ աւելի շատ ուղեղի վրայ»…։

«ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ ՈՒՂԵՂԻ ՎՐԱՅ»:
ՍՆԱ՞ՆԿ Է ՀԱՅԸ… Ո՞ՒՐ Է ՀԻՄԱ…։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին