Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

«Ջաւախք Ճամբար»ը Ախալքալաքի Մէջ Աւարտեց Իր Այս Տարուան Աշխատանքները

Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցած է երգահանդէս։ Յուլիս 19-էն մեկնարկած Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ իրականացուող «Ջաւախք ճամբար»ը եզրափակած է իր այս տարուան աշխատանքները Ախալքալաքի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Արդէն 5-րդ տարին է, որ Ախալքալաքի մօտ 150 երեխայ՝ կտրուելով փողոցէն եւ անհետաքրքիր առօրեայէն՝ մասնակից կը դառնայ ճամբարական հետաքրքրական եւ բովանդակալից կեանքին:

Ձեռնարկի սկիզբը ազդարարուած է «Մեր Հայրենիք»-ի կատարումով եւ Տէրունական աղօթքով: Բոլոր մասնակիցները երգահանդէսին մեծ ոգեւորութեամբ ու սիրով կատարած են ճամբարին ընթացքին, ընկերական ու ջերմ միջավայրին մէջ սորված բոլոր երգերը:

Ճամբարի ընթացքին երեխաները բաժնուած են երեք խումբի` «Կարմիր», «Կապոյտ» եւ «Նարնջագոյն», եւ փակման արարողութեան ժամանակ որոշուած էր նաեւ այդ երեք խումբերէն լաւագոյնը: Յաղթող ճանչցուած է «Կապոյտ» խումբը:

Ձեռնարկի աւարտին երեխաներէն շատերը յուզմունքով բաժնուած են իրենց սիրելի խմբապետներէն եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնած անոնց:

«Ջաւախք ճամբար»ը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը նաեւ Ծալկայի մէջ, ուր եւ մեկնած են խմբապետները, այնուհետեւ` Նինոծմինդայի եւ Ախալցխայի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին