*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Վերջին օրերուն Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Լիբանանի ծովեզերքէն կազի արտահանման թղթածրարը կապեց նախագահական ընտրութեան հետ, որ այս հարցը աւելի կը հանգուցաւորէ՝ ինչ կը վերաբերի անոր հետ կապուած օրէնսդրութեան…:
Վերոյիշեալ հանգուցաւորումը պիտի զրկէ Լիբանանն ու անոր տնտեսութիւնը՝ շուտով օգտուելու այս ազգային հարստութենէն:
Հապա՞ եթէ նախագահական ընտրութիւնը շա՜տ ուշացաւ…: Հապա՞ եթէ Լիբանանի արդէն իսկ տատանող տնտեսութիւնը մինչեւ այն ատեն չդիմացաւ…։ Ո՞վ պիտի ստանձնէ այս հարստութենէն ազգային մակարդակով չօգտուելու պատասխանատուութիւնը…: Նախարար Մաշնո՞ւքը, Մուսաթաքպալ հոսա՞նքը, թէ՞ նախագահի ընտրութիւնը արգիլող կողմը կամ կողմերը միասնաբար:
Սակայն կայ այլ հարցում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ: Երեք տարիներ եւ անկէ առաջ՝ երկիրը նախագահ ունեցած օրերուն, ինչո՞ւ այս հարցն ու անոր օրէնսդրութիւնը չկարգաւորուեցաւ: Ի՞նչ լուրջ արգելք կար կազը արտահանելու: Թեքնի՞ք: Չեմ կարծեր: Կարկանդակը ինչպէս բաժնելու խնդի՞ր: Անպայմա՛ն:
Մինչեւ ե՞րբ այս երկիրին (ան)պատասխանատուները պիտի շարունակեն փորձել վիրաւորել լիբանանցիին ողջմտութիւնը…: