Թուրքիոյ իշխանութիւնները ցամաքային զօրքերը, ռազմածովային եւ ռազմաօդային ուժերը հանած են երկրի գլխաւոր շտապի ենթակայութենէն ու մտցուցած ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ:
ինչպէս կը նշէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով ria.ru-ն, բացի այդ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին իրաւունք տրուած է ուղղակիօրէն հրահանգ տալ զօրքերուն` առանց սպասելու այլ պաշտօնակատար անձերու հաւանութեան: Մինչդեռ զինծառայողները պարտաւոր են անյապաղ իրագործել Էրտողանի արձակած հրամանները:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ վերը թուարկուած միջոցառումները կիրառուած են լոյս Յուլիս 16-ը երկրին մէջ պետական յեղաշրջման փորձէն ետք: Ըստ վերջին տուեալներուն, միջադէպի հետեւանքով արձանագրուած է 290 զոհ, իսկ ձերբակալուածներուն թիւը 16 հազար է: