Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Երեւանի Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքը Կը Մաքրուի

Երեւանի Խորենացի փողոցէն երէկ առաւօտեան դուրս բերուեցան ոստիկանութեան յատուկ մարտական կառքերը: Տարածքէն հեռացուեցան նաեւ բեռնատարերը, որոնք կը փակէին մուտքը դէպի ոստիկանութեան Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք: Սակայն Խորենացի փողոցի այդ հատուածը տակաւին փակ կը մնայ արգելափակոցներով, որոնց մօտ ոստիկաններ կան: Նախապէս Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ 17 Յուլիսէն Հայաստանի ոստիկանութեան Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր» զինուած խմբաւորման անդամները, վար դրած են զէնքը եւ յանձնուած  իշխանութիւններուն: «Սոյն թուականի 30 եւ 31 Յուլիսին գունդի տարածքի ազատագրման ուղղուած հակաահաբեկչական գործողութիւնը  աւարտած է», ըսուած էր անվտանգութեան ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ եւ ընդգծուած, որ իրաւասու իրաւապահ մարմիններու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները ձերբակալած են 20 զինեալներ: «Սասնայ ծռեր»-ը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած է. «Սասնայ Ծռեր»-ը դարձան ռազմագերի, սակայն պայքարը չէ աւարտած: Չընկճուիք եւ չարտագաղթէք: Պայքարը պէտք է շարունակուի»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին