Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի գրական խումբի եւ համագործակցութեամբ Ս. Ամենափրկիչ Վանքի Ս. Ներսէս շնորհալի գրադարանի, վերջերս նոյն միութեան յարկին ներքոյ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած նշանաւոր գրող եւ քաղաքագէտ Գրիգոր Զոհրապի ծննդեան 115-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան:
Ներկաներուն ողջունեց գրական խումբի պատասխանատու եւ ղեկավար Ռիմա Սիմոնեան-Օհանեան, ապա հակիրճ տողերով տեղեկութիւններ փոխանցեց գրական խումբի, Ս. Ներսէս Շնորհալի գրադարանի եւ երեկոյի կազմակերպման մասին: Երեկոյին առթիւ հրաւիրուած էր բանախօսելու Տ. Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան, որ հանդէս եկաւ Գ. Զոհրապի կենսագրութեամբ եւ ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնը, որ կը վերաբերէր ազգային-հասարակական եւ քաղաքական դաշտին մէջ Զոհրապի ունեցած մեծ ներդրումին եւ յատկապէս` որպէս փաստաբան, դիւանագէտ, լրագրող եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, ազգային շահերէն մղուած կարեւոր ներդրումին մասին: Այս ամէնը համեմուած էր թեմատիկ վկայութիւններու տեսանիւթերով եւ Զոհրապի մտքերով:
Հայր Սուրբը իր բանախօսութեան աւարտին կող ուղղեց գրականութեամբ զբաղուելու եւ ընթերցելու մեր մեծերու ու նախնիներու պատմութիւնն ու գրականութիւնը, եւ անոնց կտակը փոխանցելու նոր սերունդին:
Աւարտին Հայր Սուրբը պատասխանեց ներկաներուն կողմէ հնչած հարցումներուն:
Երեկոն աւարտեց շնորհակալական խօսքերով` ուղղուած գերապատիւ Հայր Սուրբին` հրաւէրին ընդառաջելու եւ դասախօսելու առումով, եւ մեր մեծերու յիշատակը յարգող գրասէր հասարակութեան` ներկայութեան համար: