Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Կեանքի Մը Պատմութիւն». Թորոս Թորանեան

*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*

Հալէպահայ գրող,  հրապարակախօս,  արձակագիր,  հասարակական գործիչ, 120 գիրքերու հեղինակ, բժիշկ Թորոս Թորանեան, սուրիական պատերազմի պատճառով  հեռանալով իր ծննդավայրէն, հաստատուած է Հայրենիքի մէջ, կը շարունակէ նոյն եռանդով ու ջանասիրութեամբ, նուիրումով ստեղծագործել, մասնակից ըլլալ Հայաստանի մշակութային կեանքի անցուդարձերուն: Վերջերս Թորոս Թորանեան ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան գրադարանը հարստացուց  իր նոր` 2016-ին լոյս ընծայուած գիրքերով:  Թորոս  Թորանեանի   «Ակնարկներ  դոկտ. փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի  եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատութիւններուն շուրջ»,  «Հարցազրոյցներ`Սուրիոյ մէջ  դուրսէն պարտադրուած պատերազմին հետեւանքով ՀՀի կողմէ սիրով ընդունուած հայերու հետ», «Անահիտ  Թօփչեան. վիպագիր,  արձակագիր»  գիրքերը   քանի  մը ամիս է,  որ   մեր գրասեղաններու վրայ են:

Մշակոյթի անխոնջ մշակին հետ ծաւալած «Հայերն Այսօր»-ի համար   պատրաստուող  զրոյցի ընթացքին, վաստակաշատ մտաւորականը պատմեց իր հետաքրքրական ու յուզիչ կեանքի պատմութիւնը, զրուցեց իր անցած ստեղծագործական հարուստ ու տպաւորիչ, բազմաբովանդակ  գործունէութեան մասին:

 

«Ծնած ու մեծցած եմ Հալէպի մէջ, արմատներս Կիլիկիայէն են: Հօրս չեմ յիշեր, որովհետեւ երկու տարեկան  եղած եմ,  երբ ան մահացած է: Մեծ մօրս ջարդի  ժամանակ վտարած են գիւղէն. մեր գիւղը Ներսէս Շնորհալիի գիւղին` Հռոմկլային շատ մօտ  գտնուած է, Ճիպին  կոչուած է, որ թուրքերը անուանափոխած են` կոչելով Սայլակ քայա: Մայրս կը պատմէ, որ  երախաներով  փողոց  դուրս կ’ելլէին, կը քալէին. ծնողները կը փնտռէին ու չէին գտներ իրենց երախաները,  յետոյ կը գտնէին Հռոմկլայի մէջ:  Ջարդի ժամանակ մայրս 5-6 տարեկան  եղած է. մեծ մայրս քեռիիս գրկած, քալելով հասած է մինչեւ Եգիպտոս, մինչեւ Սուէզի ջրանցք.  իսկ մօրս յանձնած է  քիւրտ ընտանիքի` ըսելով, որ ճանապարհին մեռնելու փոխարէն` աւելի լաւ է մնայ այդ ընտանիքին մօտ: Մեծ հայրս օսմանեան բանակի զինուոր  եղած է, լքած է բանակը, փախած եւ գիւղ գացած: Ըսած են, որ աղջիկը կ՛ապրի քիւրտ ընտանիքի հետ, գացած է, որ աղջկան ետ վերցնէ,  քիւրտ ընտանիքը դէմ չէ եղած. երախային ըսած են, որ հայրը  եկած է,  արդէն քրտախօս դարձած երախան ըսած է, որ աչքերը իր հօրը աչքերն են,  բայց մօրուքը  շփոթմունք յառաջացուցած է. կը համոզեն,  որ իր հայրն է: Մեծ հայրս երախան գրկած, դժուարութեամբ  հասած է  Հալէպ: Մինչ այդ զինադադար կնքուած է 1918-ին, թուրքերը պարտուած են, անգլիացիներն ու ֆրանսացիները ըսած են, որ հայերը կրնան վերադառնալ իրենց բնակավայրերը: Ժողովուրդին նաւով,  յետոյ` հանրակառքերով կը հասցնեն  Հալէպ, եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպին իրար եւ ընտանիքը կ՛ամբողջանայ` մեծ հայրս, մեծ մայրս, քեռիս ու մայրս:  Կը վերադառնան գիւղ` Ճիպին, այդ  գիւղը ունէր իր եկեղեցին ու դպրոցը` Կիլիկեան  6-ամեայ վարժարանը. հայրս այդ վարժարանը յաճախած է: Յանկարծ կը սկսի Քեմալի շարժումը, եւ կը սկսի հայերու 2-դ տարագրութիւնը,  ու մենք կը հասնինք Հալէպ,  ուր ալ 1928 թուականի Փետրուար 29-ին կը ծնիմ ես.  4 տարին անգամ մը կը մեծնամ:  Վարպետ Մարտիրոս Սարեանն ալ նոյն օրը ծնած է: Մինչեւ 5 տարեկան դառնալս ես հայերէն չէի գիտեր, յետոյ սորվեցայ, յաճախեցի  Ազգային Պօղոս Կիւլպէնկեան վարժարան, որուն բարերարը իր մահացած երախային` Պօղոսիկի  անունով կոչած էր դպրոցը. Լոնտոնի մէջ մեծ գործարաններու տէր էր,  իր կնոջ` Վերժինի  մահէն յետոյ ալ, անոր անունով` Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոց անունով ծննդատուն բացաւ, եւ այն  մեծահասակ տղաներուն համար, որոնք չէին կրնար դպրոց յաճախել գործարան հիմնեց, ուր տղաները կրնային սղոցներով փայտ տաշել,  փայտ կտրել,  գոնէ  արհեստ մը սորվիլ: Ան Հալէպի մէջ հիմնեց նաեւ «Եփրատ» օրաթերթը, երկու տարի ինք եղաւ խմբագիրը, յետոյ ուրիշին յանձնեց: Այդ հրաշալի մարդը  հայ ազգի մեծ նուիրեալներէն էր: Այնպէս որ Հալէպը մեզի համար  կարծես երկրորդ Հայաստան դարձաւ, ուր Երկիրէն բերած բոլոր սովորութիւնները պահպանուեցան. Հալէպը այսօր աւերակներու վերածած են:  Յետոյ երկու տարի  յաճախած եմ Հալէպի  ամերիկեան քոլեճը,  ուր տարուան վարձը չէի կրնար վճարել,  ուստի ատոր դիմաց կը մաքրէի  դասասենեակները: Այդտեղ աւարտեցի 8-ամեակը: Երկրորդական ուսումս շարունակած եմ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ: Յետագային, երբ արդէն ամուսնացած էի եւ երկու երախաներ ունէի, գացինք Պուլկարիա: Ես եւ կինս հետեւեցանք համալսարանական դասընթացքներու. ես երրորդ շրջանի ուսանող էի, կինս` 2-րդ,  եկանք Հայաստան, մէկ տարի ուսումը շարունակեցինք Պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժինին մէջ, երախաներս յաճախեցին Եղ. Չարենցի անուան դպրոց,  այնուհետեւ կնոջս` Արմինէի հետ խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք ընտրել բժիշկի մասնագիտութիւն. ուսանեցանք, աւարտեցինք: Սկիզբը գացի Փարիզ, այնտեղ վանեցի  մօտիկ բարեկամ ունիմ, որ համալսարան աւարտելու առիթով որոշեց զիս նուէր մը ընել` Փարիզ-Վան ուղեւորութեան տոմս: Գացի Վան, գիրք գրեցի Վանի մասին, շատերը ինծի այդ գիրքով ճանչցան:  Կարպիսը ինծի տուն տուաւ, բժիշկի գիշերային աշխատանք գտաւ եւ ըսաւ, որ կրնամ Արմինէին հետ, ընտանիքով գալ: Սակայն Արմինէի հետ խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք,  որ  ծեր ծնողներ ունենալով`  աւելի ճիշդ կ’ըլլայ երթանք մեր ծննդավայրը: Գացինք Դամասկոս, աշխատեցայ որպէս վիրաբուժութեան թմրեցնող, որովհետեւ այնտեղ այդ մասնագիտութեան կարիքը կար, եւ իմ կարգիս վիրաբուժութեան թմրեցնող պատրաստեցի, Արմինէն ալ կանանց բժիշկ աշխատեցաւ: Ապրեցանք մինչեւ սուրիական պատերազմը.  Արմինէիս հետ ապրեցայ 60 տարիներ. 60 տարիներ մենք երկուքով գիրք կարդացինք, զաւակներս նոյնպէս ընթերցասէր են:  Հիմա գերդաստանով այստեղ ենք` տղաս իր ընտանիքով  այստեղ է, երկու աղջիկ ունի, մեծը այս տարի 10-րդ դասարան փոխադրուեցաւ,  աղջիկս  մեզի հետ է, եղբայրս` իր ընտանիքով, այստեղ ծնած ծոռ ունիմ Արեգի անունով, որ արդէն 3 տարեկան է:  Մէկ ծոռ ալ` Նոյ անունով,  դուրսը  կ՛ապրի, այստեղի քաղաքացիութիւն ունի: Մինչեւ Հայրենիքի մէջ  մշտական բնակութիւն հաստատելս` ես միշտ եկած եմ Հայաստան, մասնակցած Գրողներու միութեան համագումարներուն,  մշտապէս կապ ունեցած եմ հայ մեծանուն գրողներու հետ,  այցելած անոնց օճախները,  զրոյցներ իրականացուցած,  շրջած եմ աշխարհով մէկ,  դասախօսութիւններ կարդացած, ելոյթներ ունեցած. երկու անգամ գացած եմ Չինաստան, Հնդկաստան, երկու անգամ գացած եմ Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա, Պրազիլ, տարբեր թեմաներով դասախօսութիւններ  կարդացած եմ: Իւրաքանչիւր այցիս 60 ելոյթ  ունեցած եմ: Լոնտոնի մէջ  դասախօսած  եմ Պարոյր Սեւակի մասին` ցուցադրելով նաեւ լուսանկարները, Համօ  Սահեանի մասին  դասախօսած եմ…։ Ամբողջ գիշեր մը Սեւակի հետ զրուցած ու բանավիճած ենք, Համօ Սահեանի յարկին ներքոյ հետաքրքիր զրոյցներ  ունեցած ենք…։ Նուիրուեցայ գրական աշխարհին եւ մինչ օրս այդ աշխարհին մէջ եմ, կը գրեմ, կը տպագրեմ գիրքեր տարբեր թեմաներով: Միայն այս տարի 8 գիրքեր  գրած եմ, որոնցմէ չեն տպագրուած երեքը. հովանաւոր կը փնտռեմ:   Տարիքիս առումով  բան մը պատմեմ.  քանի մը օրեր առաջ գացած էի հանդիպման. (Երեւանի բժշկական համալսարանի շրջանաւարտներէն եմ, ընդհանուր բժշկութեան բաժինը  աւարտած եմ,  Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ եմ դեռեւս 1968 թուականէն` ուսանողական տարիներէն) գացի  Բժշկականի նախկին տնօրէնին` ակադեմիկոս  Վիլէն Յակոբեանի մօտ, իմացաւ իմ կատարած հսկայական աշխատանքին մասին, զարմացաւ ու ըսաւ` պէտք է բժիշկներու խորհրդակցութեան հրաւիրենք, տեսնենք,  թէ 90-ի մօտ տարիքին  այսքան  գործ ինչպէ՞ս ըրած ես…։ Մեր գրողներէն Անդրանիկ Ծառուկեանը 30 տարիներ առաջ  հարցուց, թէ իմ այդչափ խանդավառութիւնը ե՞րբ պիտի վերջանայ,  ես պատասխանեցի` լեռներէն բխող աղբիւրին հարցուցէք, թէ  ինչու  գիշեր-ցերեկ անդադար կը բխի. Ծառուկեան ժպտեցաւ եւ ըսաւ, որ շատ լաւ պատկեր գծեցի ու առաջարկեց գրել այդ մասին… 30 տարիներ անց գրեցի այդ մասին եւ տպագրեցի «Անդին» ամսագիրին մէջ: Հիմա կ՛ապրիմ Հայաստան, հայրենադարձ եմ, սփիւռքահայ, սակայն այս բոլորը մէկ անուն ունի`  հայ…։ Ես ըլլալով սփիւռքահայ՝ կ’ուզեմ,  որ հայաստանցին  ճիշդ պատկերացում կազմէ Սփիւռքի մասին:  Կը պատրաստուիմ գրել նաեւ իմ կեանքի վէպը. գիրքի ընդհանուր վերնագրի անունն է` «Երկիր երթալն է  ճիշդ»,  ատիկա գիրքի  առաջին բաժինն է, երկրորդ բաժինը կը կոչուի «Իմ կեանքի վէպը». պետութեան կողմէ պէտք է տպագրուի, խոստացած են ներառել 2017 թուականի ծրագիրին մէջ: 300 անուն գիրքեր ունիմ հրատարակուած (խմբագրուած, որոշ մասի յառաջաբանի հեղինակն եմ),  որոնցմէ 120-ը իմ հեղինակածներն են։  Ընելիքներ շատ կան, պէտք է աշխատիմ:  Շատ մեծ գրադարան  ունեցած եմ, Հալէպի մէջ ալ գրադարան  ձգած եմ, սակայն  Հալէպէն յոյսս կորսնցուցած եմ: Մէկ-երկու շաբաթէն լոյս կը տեսնէ 6-րդ գիրքս,  7-րդ գիրքս գրած եմ Ռուբէն Սեւակի մասին:   Ահա իմ կեանքի   մեծ պատմութիւնը,  որ հնարաւորինս համառօտակի ներկայացուցի Ձեր  ուշադրութեան»:

Յիրաւի գրականութեան  անխոնջ  մշակի մը  մեծ  կեանքի  մեծ  պատմութիւն է. պատմութիւն որ իր բազմաբովանդակ ու տարողունակ էջերով նաեւ հանրագիտարանային գիտելիքներու շտեմարան եւ հարուստ ժառանգութիւն է սերունդներուն համար:

2

3

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին