14-րդ օրը ըլլալով Երեւանի մէջ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբը գրաւուած կը պահէ՝ Էրեբունիի շրջանի Խորենացի փողոցին վրայ գտնուող ոստիկանութեան Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի կեդրոնը: Նախորդ օր փողոցին վրայ ընդհանուր առմամբ հանդարտ էր մթնոլորտը եւ գիշերուայ ընթացքին ալ միջադէպեր չարձանագրուեցան: Հակառակ տեղատարափ անձրեւին, կրկին հանրահաւաք տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ իբրեւ աջակցութիւն «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին։ Ցուցարարները ուզեցին շարժիլ դէպի Բաղրամեան պողոտայ, սակայն ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ: Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեան յայտնեց, որ արդէն նոր փուլ թեւակոխած են: «Նախորդ փուլը «Սասնայ ծռեր»ու պահանջներու օրինականացումն էր եւ ժողովուրդին շնորհիւ այդ փուլը անցանք։ Ակնյայտ է, որ մտած ենք քաղաքական փուլ։ Պահանջները յստակ ձեւակերպուած են։ Երկրորդ փուլին պիտի անցնինք շօշափելի գործողութիւններու», -ըսաւ Մարտիրոսեան: Ան նաեւ կոչ ուղղեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր անկիւններու հայերուն` ինքնակազմակերպուելու եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան քայլերու դիմելու։ Տեղատարափ անձրեւին պատճառով ցուցարարները չկրցան հասնիլ Խորենացի փողոց: Մարտիրոսեան յայտարարեց, թէ պայքարը պէտք չէ դադրի: «Այժմ պէտք է տուն երթալ, տաքնալ ու վաղը կրկին հաւաքուիլ Ազատութիւն հրապարակին վրայ», -ըսաւ ան:
Երէկ, օրուայ ընթացքին նորութիւն մը արձանագրուեցաւ: Էրեբունիի ՊՊԾ կեդրոնի շուրջ կրակոց արձանագրուած է: Իրաւապահները պատասխան կրակ բացած են, որու արդիւնքով վիրաւորուած է կրակողներէն մէկը՝ «Սասնայ Ծռեր»ու անդամ Արայիկ Խանտոյեանը: Այս մասին կը յայտնեց ոստիկանութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Աշոտ Ահարոնեանը: