Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Այստեղ, Պերլինի Հայտընպըրկ Շթրասէի անկիւնը, 15 Մարտ 1921 թ.-ին Շանսատակ եղաւ Թալաաթ Փաշան՝ Հայ Վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի Ձեռամբ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ամէն անգամ երբ կ’այցելեմ Պերլին, ա՛նպայման պէտք է անցնիմ ու լուսանկարուիմ Հարտընպըրկ փողոցին անկիւնը ցուցադրուած՝ Հարտընպըրկ Շթրասէի ցուցանակին մօտ: Ճիշդ այստեղ է, որ 15 Մարտ 1921-ին հայ վրիժառու, Նեմեսիս գործողութեան մարտիկ Սողոմոն Թեհլիրեան, շանսատակ ըրաւ Օսմանեան կայսրութեան դահճապետ, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Մեհմետ Թալաաթ փաշան: Այս բորենին է, որ Պուլկարիա ծնած  տէօնմէ (իսլամութիւնը կեղծօրէն ընդունած հրեայ) փոմաքի (գնչու) որդի, Երիտասարդ թուրքերու պարագլուխ դառնալով, ստորագրած էր Հայոց բռնի գաղթն ու սպանդը, նաեւ հնչակեան 20 կախաղաններու հրամանագիրը:

2

 

3

 

Աւելին՝ մինչ Սողոմոն Թեհլիրեան որպէս վրիժառու եւ իրաւունքի տէր ազատ կ’արձակուի Գերմանիոյ Վէյմարեան դատարանին կողմէ, Թալաաթ փաշա կոչուած այս մարդակերպ հրէշին դին կ’ամփոփուի Պերլինի մահմետականներու գերեզմանատան մէջ, ուր մինչեւ այսօր թաղուած են երկու այլ երիտթուրք դահճապետեր՝ Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի: Քեմալ Աթաթուրքի յաջորդ Իւնէօնիւ Թալաաթի դին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին կը տեղափոխէ Թուրքիա, եւ իր ցեղասպանութիւններ կազմակերպող ուսուցիչին առօք-փառօք կը յուղարկաւորէ, փողոցներ ու դպրոցներ իսկ կոչելով անոր անունով, որ 1,5 միլիոն հայերու, 600,000 ալ ասորիներու, յոյներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու բնաջնջման ծրագիրը մշակողը եղաւ կայսերական Գերմանիոյ հետ: Իսկ Արամ Երկանեանի վրիժառու բազուկով նոյնպէս սատկած Ճեմալ Ազմիին եւ Պեհաէտտին Շաքիրին գերեզմանները, երկա՜ր ժամանակէ ի վեր անշուքութեան մէջ մնալէ ետք, այսօր ոսկեպատ շիրիմներու մէջ են, «Շէհիտլէր Ճամի»ին մէջ (Նահատակներու մզկիթ), որուն բարենորոգման եւ հսկայական ծախսերուն փակման մէջ կարեւոր դեր կը խաղան՝ Ազրպէյճանի  բռնատերէր հայր (Հայտար, մահացած) ու որդի Իլհամ Ալիեւները:

Ամենայն դէպս վերջին  այցելութեանս Պերլին չափազանց երջանիկ էի, որովհետեւ Գերմանիոյ խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իրենց մեղսակցութիւնը այդ ահաւոր նախճիրին, այն ալ ծագումով չերքէզ, Գերմանիա ծնած՝ Կանաչներու կուսակցապետ Ճէմ Էօզտեմիր խորհրդարանականին կողմէ եղած հիմնական ջանքերով, որուն հետ հանդիպելու եւ հարցազրոյց վարելու պատիւը ունեցայ:

Այնպէս որ արդարներու իրաւունքը երբե՛ք չի կորսուիր եւ չարն ու ցեղասպանը, ա՛նպայման իրենց պատիժը պիտի ստանան ի վերջոյ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին