Հայաստանի Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդէն ներս տեղի ունեցածը վրդովուեցուցած է բուժաշխատողները։ Այս մասին կը յայտնէ sputnik-ը։
Անոնք անթոյլատրելի կը համարեն շտապօգնութեան բուժաշխատողները պատանդ պահելու արարքը։
Բուժօգնութեան խումբը փոխհրաձգութեան ժամանակ վիրաւորուածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով մտած է ՊՊԾ տարածք, իսկ զինուած խումբի անդամները զիրենք պատանդ պահած են, ինչը դատապարտելի արարք է, ըսած են անոնք։
Կատարուածի վերաբերեալ իրենց վերաբերումը արտայայտած են մասնագէտ բժիշկներ։