*Տոքթ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Օրը՝ Կիրակի երեկոյ մը:
Վայրը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի մը մոմի սենեակը:
Սենեակին սրբապատկերը երկար աշխատանքային օրուայ աւարտին, նստած կը համակարգէ Աստուծոյ ուղղուած դիմումները: Օրուայ ընթացքին ան հազիւ հասցուցած է գրի առնել անոնք, իսկ հիմա խստօրէն զբաղած է՝ հակիրճ տեղեկագիր մը բարձրացնելու Բարձրեալին…: Հետեւինք…:
Ամենազօր Տէր,
Այսօր ստացած եմ բազմաթիւ դիմումներ ուղղուած ձեզ: Նախ յայտնեմ, որ բոլորն ալ առանց բացառութեան կը սկսին Տէրունական աղօթքով, որու աւարտին որպէս յաւելուած, ունին առողջութեան, երջանկութեան ու գործի յաջողութեան խնդրանքներ: Հարկ է յայտնել, որ դիմորդներուն աղօթքները եղած են սրտանց, բացառութեամբ մի քանի հաւատացեալներու, որոնք աղօթքը կը կրկնէին մեքենայաբար, իսկ իրենց միտքը աշխարհիկ զանազան հարցերով զբաղած՝ կը խոկար հեռու…:
Սոյն հակիրճ տեղեկագիրով կը ներկայացնեմ դիմումներուն ամփոփումը: Իսկ դիմորդներուն անունները «ձեր որոշման համաձայն» կը ծածկագրեմ՝ պահպանելու համար երկնային խորհրդաւորութիւնը:
-Պր. Գ.-ը զաւակներուն բարի ապագայ եւ երջանկութիւն կը խնդրէ:
-Տիկ. Շ.-ն իր ամուսինին շուտաբոյթ ապաքինում կը խնդրէ, եւ իր զաւակներուն բարի բախտ ու յաջողութիւն:
-Փոքրիկ Մ.-ը նոր խաղալիք մը կ’ուզէ եւ պտոյտ դէպի ծով:
-Փոքրիկ աղջնակ Ն.-ը նոր հագուստ մը կ՛ուզէ եւ կը խնդրէ, որ դասերը քիչ մը թեթեւցնես՝ որպէսզի ժամանակ ունենայ պտըտելու:
-Տիկ. Ս.Մ. կ՛ուզէ իր աղջիկը՝ Հ.Ն.-ն պսակել:
-Տիկ. Ն.Մ. իր տղուն կ՛ուզէ պսակել յայտնի վաճառական Խ.Գ.-ի մեծ աղջկան հետ:
-Օր. Ե.Լ.-ը յաջողութիւն կը խնդրէ համալսարանական քննութիւններուն մէջ:
-Ս.Ն.-ն կ՛աղաչէ, որ պաքալորիայի հարցաշարանը ամբողջութեամբ ըլլայ իր սորված հարցումներուն ցանկէն:
-Ռ.Վ.-ն կ’ուզէ նոր ինքնաշարժի արժանանալ:
-Ա.Ճ.-ն առաւելագոյն «մինչեւ իսկ ֆիզիքական» պատիժ կը պահանջէ… ներողութիւն՝ «կը խնդրէ» իր միութենական հակառակորդներուն:
-Ս.Շ.-ն ձեր հրաշքը կ՛աղերսէ, որ իր միջնեկ տղան՝ Յ.-ն վազ անցնի Ն. կոչուած աղջիկէն:
-Ա.Ս.-ն իր հրաշքը կ՛աղերսէ, որ Խ.Պ.-ին տղան՝ Ժ.ն «վազ անցնի» Լ. կոչուած աղջիկէն ու կապուի իր պզտիկ աղջկան՝ Մ.-ին հետ:
-Տիկ. Ժ.-ն կը խնդրէ, որ իր ամուսինին քիչ մը խելք տաս:
-Տիկ. Մ.-ն՝ իր կեսուրմօրը «հախէն» գաս:
-Պր. Ս.-ն կ՛աղերսէ, որ իր զոքանչին ցաւոտ ատամը բուժես, որպէսզի վերահաստատուի իր տան խաղաղութիւնը:
-Տիկ. Ն.-ն իր հարսին այնպիսի փորձանք մը կը խնդրէ, որ չվնասուին ո՛չ ինքը եւ ո՛չ ալ իր տղան, բայց իր տեղը գիտնայ եւ չափ ու սահմանը ճանչնայ:
-Պր. Լ.-ն յաջողութիւն եւ բարի բախտ կը խնդրէ իր այսօրուայ գիշերային արկածին համար, նաեւ լաւ ժամանց ու գաղտնապահութիւն:
-Տիկ. Ե.-ը Միջին Արեւելքին խաղաղութիւն կը խնդրէ, որպէսզի իր զինուոր տղան առողջ ծառայութիւնը վերջացնէ ու տուն վերադառնայ:
-Տիկ. Զ.-ը իր աղջկան բարի ազատում եւ առողջ ու կատարեալ թոռնիկ մը կ՛աղաչէ՝ տղայ կամ աղջիկ. թէ ի՞նչ դնեն անունը՝ կարեւոր չէ:
-Քոյրիկ-աղբարիկ փոքրիկներ՝ Ժ.-ն ու Տ.-ն իրենց մամային ու պապային երկար կեանք կը խնդրեն, եւ կը պահանջեն այնպէս ընէք, որ անոնք իրարու հետ քիչ կռուին եւ առանց պոռալու խօսին:
-Ա.-էն մինչեւ Ֆ.-ը, «ամէն մէկը առանձին» այս շաբթուայ լոթերիի «եանասիպ»ի գլխաւոր մրցանակին արժանանալ կը խնդրեն, որպէսզի ամէն ոք իր երազը իրականացնէ՝ Ա.-ը տուն մը գնէ, Բ.-ը խանութ մը, Գ.-ը ինքնաշարժ, Դ.-ն ամուսնանայ, Ե.-ը Ամերիկա պտոյտի երթայ, Զ.-ն պարտքերէն մաս մը վճարէ՝ «իսկ մնացածն ալ քիչ մը թող սպասեն», Է.-ն զաւակներուն ապագան ապահովէ, Ը.-ը կնոջը բաւարարէ…։
-Ք.-ն իր մեղքերու թողութիւն կը խնդրէ։
-Օ.-ն եւ Ֆ.-ն օրուայ հացի դրամ եւ առողջութիւն:
-Յակոբը Մարալին սէրը շահելու համար օգնութիւն կը հայցէ:
-Մարալը Սահակին սէրը շահելու համար օգնութիւն կը հայցէ:
-Սահակը Յասմիկին սէրը շահելու համար օգնութիւն կը հայցէ:
-Յասմիկը Սարգիսին սէրը շահելու համար օգնութիւն կը հայցէ:
-Սարգիսը Կարոյին սէրը շահելու համար օգնութիւն կը հայցէ:… Մեղայ Տէր…: Ալ ով որուն կը կապէք՝ ձեր գործն է…:
Ողորմած Տէր,
Հաղորդագրութեանս աւարտին, այսօրուայ ժամերգութեան նկարագրականը տալով, կը յայտնեմ, որ ան ընթացաւ յաջողութեամբ: Ամենայն սրբոց կողքին, յատուկ յիշատակութեան արժանացան Էջմիածինի մեր լիազօր դեսպանը, Անթիլիասի դեսպանը, եւ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ հիւպատոսները: Սակայն կային որոշ դիտողութիւններ. կը ներայացնեմ՝
-Պատարագիչ քահանան նախաճաշած էր:
-Պատարագի ընթացքին քահանան «խորանին առջեւ» խստօրէն կոպտելով հայհոյեց ժամկոչին, որովհետեւ վերջինս իր առաջ կիսատ խոնարհում ըրաւ:
Բարեբախտաբար այս բոլորը աննկատ մնացին հաւատացեալներէն…:
-Պր. Գ.Գ.-ն պատարագի ընթացքին կը ննջէր:
-Քահանային հոգին փոթորկոտ էր, որովհետեւ ան չէր հրաւիրուած Պ.Պ.-ին կէսօրուայ հոգեճաշին:
-Յայտնեմ նաեւ, որ այսօր մոմերու վաճառքէն ու նուիրատուութիւններէն ստացուած հասոյթը, եկեղեցիիս քահանաներէն միայն մէկուն ամսականը վճարելու կը բաւէ, իսկ մնացած ծառաներուդ ամսավճարը հաւաքելու համար կ’առաջարկեմ, որ Յակոբէն, Մարալէն, Սահակէն, Յասմիկէն ու Սարգիսէն գոնէ զոյգ մը կազմես, օրհնես ու մեզի ղրկես որպէսզի պսակենք, եւ եկեղեցիիս ու տէրհայրերուն գրպանը քիչ մը դրամ մտնէ: Նաեւ ուշադրութիւն կը հրաւիրեմ այն բանին, որ Հ.Ս.-ն արդէն յոգնած է ապրելէ, նոյնիսկ արդէն ձեր հետ հանդիպիլ կը խնդրէ: Ինչպէս նաեւ Տ.Տ.-ին տղան դեռ մինչեւ օրս կնքուած չէ՝ արդէն ժամանակն է:
Այսօր Եկեղեցւոյ բակին մէջ ժամերգութեան ընթացքին դէպք մը պատահեցաւ, որ զիս քիչ մը շեղեց աշխատանքէս: Եղածը անհասկնալի ու ամնեկնելի էր ինծի համար, փորձեցի վերլուծել ու իմաստը հասկնալ՝ չկրցայ… կը ներկայացնեմ.-
Գաղութիս մէջ յայտնի երկու յեղափոխականներ, բուռն կերպով «ծեծկռտուքի հասնելու լարուածութեամբ» կը վիճէին, թէ այս եկեղեցին պէտք է քու Բարձրեալիդ դիմէ ոչ թէ Էջմիածինի դեսպանատան, այլ Անթիլիասի դեսպանատան միջոցաւ: Մէկը կը կրկնէր, թէ Էջմիածինը գլխաւոր դեսպանատունն է, անոր միջոցաւ պէտք է վեր բարձրանալ, միւսը թէ՝ Անթիլիասինը աւելի մօտ է, եւ աւելի հարազատ՝ Կիլիկիայէն գաղթած Սփիւռքի ժողովուրդին համար, ուստի եւ դէպի ձեզ առաջնորդող ճիշդ ճանապարհը այդ է…: Անհասկնալին այն է, որ վիճողները բոլորվին հետաքրքրուած չէին ձեզմով կամ ձեր սիրոյն արժանանալուն, որովհետեւ երկուքն ալ մարքսիստական համոզումներով ու գաղափարներով յայտնի են բոլորին, ուստի եւ ձեր գոյութիւնը կասկածելի է իրենց համար՝ «մեղայ ձեզ»:
Ամենազօր Տէր, գիտեմ որ անկարելի բան մը չկայ ձեզի համար, կը խնդրեմ, որ այս հարցը մէկ ընդմիշտ լուծէք, որպէսզի տեղի գաղութս համերաշխ ապրիլ վայելէ, եւ քանի մը հոգիներ հաշուող հայերը իրար բարեւեն ու միասին ձեզ երկրպագեն:
Օրհնութիւնդ խնդրելով կ’աւարտեմ այսօրուայ զեկուցագիրս, թողութիւն կը հայցեմ եկեղեցիիս հպատակներու մեղքերուն համար, շնորհք ու լոյս կը խնդրեմ անոնց: … Կը ներէք Ողորմած Տէր, ըստ երեւոյթին հատ մըն ալ դիմում կայ այստեղ՝ մոռցած եմ համակարգել. 7 տարեկան աղջնակ մըն է, այդ ալ կարդամ, որ խիղճս հանգիստ ըլլայ՝
-Անուշիկ Աստուած պապա, երէկ աղբարիկս խաղալու ժամանակ գետին ինկաւ եւ ծունկը վիրաւորեց, արիւն եկաւ. մաման կարմիր դեղով մաքրեց, արիւնը չորցաւ. այսօր առտու հարցուցի, ըսաւ որ դեռ կը ցաւիկոր. հաճիս վէրքը շուտ լաւացուր Աստուած պապա: Մամաս շատ կը յոգնիկոր տունին գործէն, է՜ ինչ ընեմ, դեռ պզտիկ եմ, չեմ կրնար իրեն օգնել, հաճիս իրեն ուժ տուր որ դիմանայ, մինչեւ որ մեծնամ ու իրեն օգնելու սկսիմ, իրեն շատ կը սիրեմ, հաճիս անուշիկ թող մնայ, մեծնամնէ՝ թող չի ծերանայ. պապայիս ալ գործերուն յաջողութիւն տուր, որ մեզի լաւ հոգ տանի, իրեն ալ շատ կը սիրեմ, ինքն ալ թող չի ծերանայ: Եւ մէկ հատ ալ բան մը. Հաճիս մամային համոզէ, որ ինծի վարդագոյն հագուստ մը գնէ, ան որ անցեալ օր խանութը տեսայ, կը յիշե՞ս, ճիշդ անկէ, բայց վրայի սրտիկներու փոխարէն պզտիկ կեռասիկներ ըլլան, աւելի անուշիկ կ՛ըլլայ, հետն ալ վարդագոյն կօշիկներ. ուրիշ բան մը չեմ ուզեր. Անուշիկ Աստուած պապա՝ քեզի, Յիսուս պապային եւ իր մամային շատ կը սիրեմ. Ամէն:
ՅԳ. Այս տեղեկագիրը պատրաստուած է քանի մը տարի առաջ, այլապէս եթէ այսօր ըլլար, զանազան խնդրանքներուն հաւանաբար փոխարիներ մէկ մը միայն՝ մօտաւորապէս հետեւեալ բովանդակութեամբ: Տուր մեզ Տէր կիզիչ ամառ, մելամաղձոտ աշուն կամ թէկուզ ցուրտ ձմեռ, միայն թէ ազատէ մոլորակս այս դաժան եւ արիւնոտ գարունէն… ամէն:
Նոյն