Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Անուանի Հայ Վիրաբոյժը Մեկնաբանած է «Շտապօգնութեան» Աշխատողները Պատանդ Պահելու Իրողութիւնը

Բժիշկները պատանդ պահելը աննախադէպ երեւոյթ է, որ որեւէ տրամաբանութեան մէջ չի տեղաւորուիր, «Sputnik Արմէնիա»-ին ըսած է արցախեան պատերազմի մասնակից, «Երեւան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն վիրաբոյժ Տարօն Տօնոյեան։

«Չեմ տիրապետեր ամբողջ տեղեկատուութեան, որպէսզի երկկողմանի նայիմ հարցին, բայց չեմ կարծեր, որ այնպիսի օրհասական վիճակ է, որ արդէն բժիշկներ պատանդ կը պահեն։ Պատանդ պահելը ինքնին լաւ երեւոյթ չէ եւ խիստ մտահոգիչ է։ Կ’ափսոսամ անոր համար», ըսած է Տօնոյեանը։

Ան նշած է, որ շատ դժուար է պատշաճ մակարդակով բուժօգնութիւն ցոյց տալ ՊՊԾ գունդի շէնքի մէջ գտնուող տուժածներուն։

«Վիրաւորները կը պահեն այնտեղ եւ թոյլ չեն տար օգնութիւն ցուցաբերել նորմալ պայմաններու մէջ։ Այդ քայլը չեմ հասկնար։ Մարտական ընկերոջ կեանքը վտանգել եւ պահանջել, որ առողջապահութեան նախարարը երթայ…։ Նախարարը երթայ ի՞նչ ընէ, ինք վիրահատող չէ», -ըսած է Տօնոյեանը։

Ան աւելցուցած է, որ եթէ պէտք ըլլայ, ապա անձամբ կ’երթայ այնտեղ եւ կը վիրահատէ վիրաւորները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին