Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

337 Երեսփոխաններ Եգիպտոսի Խորհրդարանին Ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Եգիպտական «Պալատ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի խորհրդարանի մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան յանձնախումբի անդամ Մուսթաֆա Պաքրի, խորհրդարանին ներկայացուցած է իր եւ 336 այլ երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած բանաձեւ մը, որ խորհրդարանէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ այլ պետութեանց կոչ կ’ուղղէ իրաւական անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` միջազգային ընտանիքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Պաքրի իր դիմումին մէջ կ’աւելցնէ, որ պէտք է դատապարտել օսմանցիներուն կողմէ 1915-1922-ին գործուած ջարդերը, որոնց զոհ գացին 1,5 միլիոն անմեղ քաղաքացիներ, որովհետեւ այդ ոճիրը անզէն ժողովուրդի մը դէմ Ցեղասպանութիւն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին