Պարեկապահակային ծառայութեան տարածքին վրայ տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան հետեւանքով, հիւանդանոց տեղափոխուած են երեք վիրաւոր ոստիկան մը (կամ երեք ոստիկաններ, կամ ոստիկան մը – վարը միայն մէկ վիրաւոր ոստիկանի մասին կը խօսուի, թերեւս երեք բառը աւելորդ է)եւ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներ Պաւել Մանուկեանն ու անոր որդին Արամ Մանուկեանը:
«Էրեբունի» հիւնադանոցի վերակենդանացման բաժանմունքի ղեկավար Յարութիւն Մանգոյեանը ըսած է, որ Պաւել եւ Արամ Մանուկեանները վիրահատուած են, անոնց վիճակը կը գնահատուի կայուն ծանր: Գիշերը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին բժիշկը ըսած է, որ կը ձեռնարկուին միջոցներ` յետվիրահատական բարդութիւնները յաղթահարելու ուղղութեամբ:
Պաւել Մանուկեանը ստացած է զոյգ ազդրերու հրազէնային վնասուածքներ, աջ ազդոսկորի բազմաբեկոր կոտրուածքով, Արամ Մանուկեանը ստացած է ձախ ազդրի հրազէնային վնասուածք: Երկուքն ալ կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունք եւ միացուած են արհեստական շնչառութեան սարքին:
Վիրաւոր ոստիկանին վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան, ան կը գտնուի հիւանդասենեակի մէջ:
Գիշերը Ոստիկանութիւնը տեղեկացուցած էր, որ «ՊՊԾ գունդի տարածքին մէջ իրաւապահներուն յանձնուած են զինուած խումբի անդամներ Գագիկ Եղիազարեանն ու Արամ Յակոբեանը»:
«ՊՊԾ գունդի տարածքին մէջ տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է իրաւապահներէն մէկը, Պաւել Մանուկեանն ու անոր որդի Արամ Մանուկեանը: Երեքն ալ անմիջապէս տեղափոխուած են հիւանդանոց: Այս պահուն հրաձգութիւնը դադրած է, կ՛ ընթանան բանակցութիւններ` զինուած անձերուն յանձնուելու գործընթացը աւարտին հասցնելու համար»,- հաղորդած էր ՀՀ ոստիկանութիւնը: