Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP) խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Իտրիս Պալուքեն
յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն կը հասկցնեն, թէ անոնք նոր գործընթացներուն մէջ տեղ չունին:
Այս մասին Պալուքեն ըսած է «Օրակարգային քննարկումներ» հաղորդման եթերով, երբ մեկնաբանած է նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի եւ 3 կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումը: Էրտողան նախագահական նստավայրին մէջ Յուլիս 25-ին ընդունած էր վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը (իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան նախագահ), Քեմալ Քըլըչտարօղլուն (գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ) եւ Տեւլեթ Պահչելին (Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ):
Ըստ Պալուքենի այն փաստը, որ վերոնշեալ հանդիպման չէ հրաւիրուած ընդդիմադիր ճամբարէն քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ԺԺԿ-HDP), ատով ուղերձ յղուած է քիւրտերուն, ալեւիներուն, հայերուն եւ ասորիներուն` հասկցնելով, որ անոնք տեղ չունին Թուրքիոյ նոր գործընթացներուն մէջ:
ԺԺԿ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահը ընդգծած է, որ ԺԺԿ-ն չհրաւիրելու հարցով միակ պատասխանատուն Էրտողանը չէ, քանի որ այդ գործընթացին հաւանութիւն տուած են նաեւ հանդիպումին մասնակցած կուսակցութիւններուն առաջնորդները: