*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Սուրիացի գաղթականներու պարագան բաւական լուրջ ընկերային հարց է Լիբանանի համար, զոր անկարելի է այս անկանոն վիճակով շարունակուի:
Անոր անկազմակերպ վիճակը ոչ միայն Լիբանանի տնտեսութեան կամ ապահովութեան կը սպառնայ, այլ շատոնց ի վեր անոնց հանդէպ կը յառաջացնէ ցեղապաշտական տգեղ երեւոյթը, որ ոչ միայն թացը չորին հետ կ’այրէ՝ այլ անմարդկային ալ է:
Այս ուղղութեամբ էր Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի կոչը Մորիթանիոյ մէջ տեղի ունեցող Արաբական 27-րդ գագաթաժողովին, որուն մէջ ան առաջարկեց արաբական ջանքերով ապահով գօտի մը ստեղծել նոյնինքն Սուրիոյ հողերուն վրայ, հոն վերաբնակեցնելու սուրիացի գաղթականները, ապահովելով անոնց անվտանգութեան, առողջապահական եւ ընկերային պահանջները:
Սակայն ի գոյութեան արաբական աշխարհի ոչ այնքան ալ համախոհ իրավիճակին եւ անոր տարբեր տարբեր առաջնահերթութիւններ ունեցող օրակարգին, Լիբանանի վարչապետին կոչը մնաց՝ Ձայն Բարբառոյ անապատի…: