Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

«Այս Գիշեր Սահմանագիծին Վրայ Արձանագրուած են Ազրպէյճանի Զինուժի Անօդաչու Թռչող Սարքերու Թռիչքներ». ԼՂՀ ՊԲ

Յուլիս 26-ի լոյս 27-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդը հրադադարը խախտած է  14 անգամներ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 100 կրակոցներ:

ԼՂՀ ՊԲ յայտնած է նաեւ, որ բացի հրադադարի խախտումներէն, շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ արձանագրուած են նաեւ հակառակորդին հետախուզական անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքներ:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ուշադիր հետեւած են առաջնագիծին վրայ եղող զարգացումներուն եւ համապատասխան գործողութիւններու դիմած միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին