Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանային հատուածին վրայ հակառակորդի աշխուժացման կը նպաստեն՝ Ազրպէյճանի ներքաղաքական զարգացումները: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Պապայեանը:
«Ընդհանուր առմամբ Ազրպէյճանի աշխուժութիւնը որեւէ հանգամանքի հետ ուղղակիօրէն կապ չունի, սահմանին այդպիսի պահուածքը Ազրպէյճանի էութիւնը ցոյց կու տայ: Ազրպէյճանը ահաբեկչական, ֆաշիստական պետութիւն է, իսկ նման պետութիւնները այդպիսի պահուածք պէտք է ցուցաբերեն: Այդ մէկը նշեալ հիւանդութեան ախտորոշման ձեւ մըն է: Բայց կան որոշ զարգացումներ, որոնք ալ աւելի կը խթանեն այդպիսի պահուածքը: Եւ այս անգամ սահմանին վրայ աշխուժացումը ես կը կապեմ Ազրպէյճանի մէջ իրականացող սահմանադրական բարեփոխումներու հետ», ըսած է Դաւիթ Պապայեանը:
Ան ընդգծած է, որ ըստ երեւոյթին կը սկսի թագաժառանգին իշխանութեան մէջ երկարաժամկէտ հաստատելու «գործողութիւնը»: Ազրպէյճանը կը փոխէ սահմանադրութիւնը, նախագահի պաշտօնավարումը 7 տարի պիտի ըլլայ: Որեւէ սահմանափակում պիտի չդրուի եւ Ազրպէյճանի նախագահը կրնայ քանի մը անգամ ընտրուիլ: Առաջարկուած փոփոխութիւններուն համաձայն` կ՛աւելցուի երկու փոխնախագահի պաշտօններ եւ կը զօրացուի նախագահի հիմնարկը:
«Անոր հասնելու գործընթացը կը պահանջէ, որ հասարակութեան հետ աւելի աշխոյժ աշխատանք տարուի: Պէտք է նշել, որ ազրպէյճանական հասարակութիւնը այդքան ալ դրական չի վերաբերիր այսպիսի զարգացումներուն, հետեւաբար նորէն պէտք է շահարկուի արտաքին թշնամիի կերպարը, պէտք է ցոյց տան, որ Արցախն ու Հայաստանը իրենց թշնամիներն են: Այսինքն իրենց թալանը օրինականացնելու համար կրկին հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու միջոց կ՛ընտրուի արտաքին թշնամին, տուեալ պարագային Հայաստանն ու Արցախը», աւելցուցած է Դաւիթ Պապայեանը:
Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղարը ընդգծած է, որ անկախ այն բանէն, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ Պաքուի մէջ, հայկական կողմը միշտ պատրաստ է: «Մեր բանակը միշտ պէտք է լինի ուժեղ, եւ հասարակութիւնն էլ համախմբուած: Այդ ժամանակ մեզ հնարաւոր չի լինի յաղթել», եզրափակած է Դաւիթ Պապայեանը: