Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Ոստիկաններու Կրակոցէն Վիրաւորուած ԵՆ «Սասնայ Ծռեր»-ու 2 Անդամներ. Հիմնադիր Խորհրդարան

Յուլիս 25 – 26 լուսցող Գիշերը ժամը 2-ի մօտ, ՊՊԾ տարածքին յարակից ոստիկանական պատնէշէն կրակ բացած են, որուն հետեւանքով ոտքերէն վիրաւորուած են «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներ Աշոտ Պետրոսեանը եւ Յովհաննէս Յարութիւնեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի մամուլի ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի.«Այսօր` 26-ի գիշերը եւ առաւօտեան Սասնայ ծռեր խումբի ազատագրած տարածքին մէջ տեղի ունեցած է 2 պատահար: Գիշերը ժամը 2-ի մօտ տարածքին յարակից ոստիկանական պատնէշէն դաւադրաբար կրակ բացած են, որուն հետեւանք ոտքերէն վիրաւորուած են Սասնայ ծռեր խումբի անդամներ Աշոտ Պետրոսեանը եւ Յովհաննէս Յարութիւնեանը: Անոնք տեղափոխուած են հիւանդանոց: Առաւօտեան ժամը 7-ի մօտ արիասիրտ հայորդի մը` Արթուր Սարգսեանը, իր անձնական օգտագործման մեքենան ամբողջութեամբ բեռնած է սնունդով եւ ճեղքելով ոստիկանական արգելապատնէշը, հասած ազատագրուած տարածքի մուտքի մօտ, ոստիկանները բոլոր կողմերէ կրակ բացած են Արթուրի մեքենային վրայ:

«Բարեբախտաբար Արթուրը ոչ մէկ վնասուածք ստացած է եւ բարեյաջող կերպով սնունդը տեղ հասցուցած է: Կոչ կ՛ընենք շարունակել համախմբման պայքարը: Յաղթանակը շատ մօտ է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Աւելի ուշ հեռատեսիլէն ցուցադրուած տեսաերիզի մը մէջ յստակօրէն կ՛երեւար, որ զինուած խումբի գրաւած կողմէն ոստիկանական ինքնաշարժ մը կը սուրար ոստիկանական պատնէշի ուղղութեամբ, որուն մէջէն կրակոցներ կ՛ըլլային պատնէշի ուղղութեամբ, որուն ոստիկանական կողմէն կը կրակէին միայն ինքնաշարժի շարժիչին եւ ներքեւի մասերուն, որու իբր հետեւանք կը վիրաւորուէին վերոնշեալ երկու զինեալները, ապա ոստիկանութեան առաջարկով բուժման համար կը փոխադրուէին Երեբունի հիւանդանոց, ուր կը բուժուին այժմ, հետեւաբար պարզ կը դառնար, որ սադրանքը ոստիկաններու կողմէ չէր եղած։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին