Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

«Հայաստան Իրանի Մէջ Պիտի Աւելցնէ Ներդրումները»․ ՀՀ Դեսպան Արտաշէս Թումանեան

Հայ ներդրողները պատրաստ են աւելցնելու ներդրումները Իրանի մէջ: Այդ մասին յայտարարած է Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեանը:

«Tehran Times»-ի հաղորդմամբ, Թեհրանի առեւտրական պալատի նախագահ Մասուդ Խանսարիի հետ հանդիպման ժամանակ Թումանեան ըսած է, որ առաջնայինը տեղեկատուական արուեստագիտութեան ոլորտի ներդրումներն են:

Հարեւան երկիրին մէջ ներդրումներ իրականացնելու մէջ հետաքրքրուած են նաեւ հայ թռչնաբոյծները:

Բացի այդ ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը Իրանի հետ դրամատնային եւ դրամական քաղաքականութեան զարգացման ծրագիրներ մշակած է: Դեսպանը նաեւ յայտնած է, որ հայկական ընկերութիւնները 2016-ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին, Թեհրանի մէջ արտադրանքի ցուցահանդէս պիտի կազմակերպեն:

Մասուդ Խանսարին իր հերթին նշած է, որ երկու երկիրներու փոխհամագործակցութիւնը պիտի կազմակերպուի այնպէս մը, որպէսզի մեծնայ համատեղ ներկայութիւնը երրորդ երկիրներու շուկաներու մէջ:

ՀՀ եւ Իրանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2015-ին կազմած է $276 միլիոն, որմէ Հայաստանէն Իրան արտահանումը` 78 միլիոն, Իրանէն Հայաստան ներմուծումը` 182 միլիոն (ըստ առեւտուր ընող երկիրի) կամ 198 միլիոն` ըստ ապրանքի ծագման երկիրի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին