Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Զինուած Խումբը Այրած է Ոստիկանական Երեք Մեքենաներ

ՀՀ ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածք մտած զինուած խումբը այրած է գունդի 3 ծառայողական մեքենաներ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ոստիկանութենէն:

«Նախորդ գիշեր ոստիկանական «Կազել»-ը այրելէ ետք, անոնք փողոց հանած են անուադող, փամփուշտներ լեցուցած դողի մէջ եւ այրած` իրական վտանգ ստեղծելով շրջակայ տուներու բնակիչներուն համար:

«Իրաւապահ մարմինները դարձեալ կոչ կ՛ընեն խումբի անդամներուն` չկատարել գործողութիւններ, որոնք վտանգաւոր են քաղաքացիներուն կեանքի եւ առողջութեան համար ու կը սրեն մթնոլորտը», այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է ոստիկանութեան հասարակայնութեան եւ լրատուութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանը:

«Սասնայ ծռեր» համակարգող խումբի անդամ, քաղաքագէտ Ալպերթ Պաղտասարեան, 25 Յուլիսին Խորենացի փողոցին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ «Սասնայ ծռեր»-ուն պայքարը պիտի վերածուի քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժման:

Անոնք պիտի օգտագործեն սահմանադրութեան շնորհած բոլոր իրաւունքները: «Խաղաղ երթեր, ցոյցեր, նստացոյցեր, քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ անհնազանդութեան գործողութիւններ պիտի կատարուին, պետական պաշտօնեաներէն պատասխան պահանջելն է, փողոցները փակելը, բոլոր քայլերը, որոնք իշխանութիւնը կը ստիպեն գալ քաղաքացիական դաշտ եւ քաղաքական լուծումներ տալ այն խնդիրներուն, որոնք ոչ թէ «Սասնայ ծռեր»-ուն պահանջն են, այլ բոլոր քաղաքացիներուն, կամ գոնէ իշխանութենէն չօգտուող քաղաքացիներուն պահանջը: Տղաները ուղղակի այդ պահանջը ամփոփած են եւ այս ցցուն քայլով ցոյց տուած են, որ այլ ելք չկայ, կը դիմենք ասոր», ըսած է Ալպերթ Պաղտասարեան:

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 17-ի վաղ առաւօտեան «Սասնայ ծռեր» խումբի զինեալները ներխուժած են Երեւանի Խորենացի փողոցին մէջ գտնուող ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք եւ պատանդ վերցուցած ոստիկանութեան աշխատակիցներ: Քանի մը օրեր անց անոնք ազատ արձակած են բոլոր պատանդները, սակայն խումբնը առ այսօր կը գտնուի ՊՊԾ գունդի տարածքին մէջ, իսկ Խորենացի փողոցին մէջ քաղաքացիները հանրահաւաքներ կը կազմակերպեն` ի աջակցութիւն խումբի անդամներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին