Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Դեռ Ուշ Չէ՞ Թէ Ու՞շ է…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ընկերաբանութեան մէջ կայ «Ընդօրինակուած Անձնասպանութիւն» (copycat suicide) հասկացողութիւնը, որ կը սահմանուի հետեւեալ ձեւով՝ «Ընդօրինակուած Անձնասպանութիւն կը պատահի, երբ անձնասպանութեան միտող անձ մը հեռատեսիլէն կամ մետիայէն լսելով ուրիշի մը անձնասպանութեան լուրը, «կը քաջալերուի» զայն առանց տատամսելու գործադրելու»:

Լաւ ճանչցուած կամ տարածուած  անձնասպանութեան մը լուրը, որպէս օրինակ (model)  կը ծառայէ ի բացակայութեան պահպանողական ազդակներու՝ ճամբայ բանալով յաջորդ անձնասպանութեան մը:

Կայ նաեւ հանրածանօթ անձի մը կամ ուրիշի մը, որուն հետ մարդիկ ինքզինքնին կը սիրեն նոյնացնել (identify), անձնասպանութիւնը ընդօրինակելու պարագան, որ դարձեալ ընկերաբանութեան մէջ կը սահմանուի որպէս «Անձնասպանութեան կուտակում» (suicide cluster)։

Հոս կը մնայ նշել նաեւ թունուզցի Մոհամմատ Պուազիզի ինքզինք հրկիզելու պարագան, որ 17 Դեկտեմբեր 2010-ին ճամբան հարթեց Թունուզի յեղափոխութեան կամ այսպէս կոչուած Արաբական Գարունին, որուն օրինակին շատեր հետեւեցան արաբական տարբեր երկիրներու մէջ…:

Այս համեմատաբար երկար նախաբանէն ետք անցնիմ այսօրուայ նիւթիս: Ի տես վերջին օրերու՝ ամէն օր եւ ամենուրէք կրկնուող ահաբեկչական թէ հիւանդագին ոճիրներուն, որոնցմէ շատեր ստանձնուեցան Տաէշի կամ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ, մինչ ուրիշներ բացատրուեցան որպէս հոգեկան խանգարումի արդիւնք՝ վտանգը եւ արդիւնքը կը մնայ նոյնը: Նախաբանին մէջ յիշուած սահմանումներուն վրայ հիմնուելով, կրնամ ըսել, թէ համաշխարհային մետիան սկսած է անուղղակիօրէն եւ ակամայ ծառայել կամ պատճառ դառնալ՝ այս օրն ի բուն կրկնուող երեւոյթին: Տաէշի վտանգը սկսաւ կայանալ ոչ միայն անոր զինուորագրած անհատներով, այլ անոր գործելաձեւը կամ զինուորագրեալ անհատներուն արարքները ընդօրինակելու ընկերաբանական երեւոյթով ալ…:

Թէ ինչպէ՞ս ասոր առաջքը պէտք է առնել չեմ գիտեր, սակայն կ’արժէ միջազգային մակարդակով խորհիլ՝ մետիայի տարածած լուրերը վերատեսութեան կամ ակադեմական իմաստով հսկողութեան տակ պահելու դժուար, սակայն շա՜տ անհրաժեշտ միջոցառումի մը մասին, քանի դեռ ուշ չէ: Ու՞շ է…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին