Հայաստանի նախագահ եւ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ Հայ զինուորի մարտական ոգին բարձր է, բայց նորընծայ սպաներուն շնորհիւ անիկա պէտք է բազմապատկուի: Սարգսեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2016-ի շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսութեան ժամանակ նաեւ ըսաւ, «դուք ընտրած էք զինուորականի մասնագիտութիւն երկրի մը մէջ, որ արդէն 25 տարիներէ ամէն օր կանգնած է պատերազմի սպառնալիքի առաջ։ Ասիկա մեր իրականութիւնն է։ Այսօրուընէ մեր ժողովուրդը նաեւ անձամբ ձեզի կը վստահի իր անվտանգութիւնը եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքի իրականացումը»: Սարգսեան նաեւ շրջանաւարտ զինուորականներուն ուղղելով խօսքը նշեց, «ձեր թիկունքը կանգնած են ոչ միայն ձեր ընտանիքները, այլ նաեւ երկիրն ու Մատենադարանը։ Մատենադարան կը նշանակէ քաղաքակրթութիւն, որուն համահեղինակը, կրողն ու ներկայացուցիչը մենք ենք։ Այդ քաղաքակրթութիւնը իր մէջ կը պարունակէ արժէքներ եւ այդ քաղաքակրթութեան դէմ են բռնութիւնն ու արիւնայեղութիւնը, բիրտ ուժն ու տմարդիութիւնը, անհանդուրժողականութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը»: Սարգսեանի խօսքով Հայ զինուորականի, սպայի պատուոյ վարքականոնը արձանագրուած է վաղուց եւ առկայ է նոյն Մատենադարանին մէջ ու նորընծայ սպաները պէտք է ապացուցեն, որ այլ արժէքներն ու գործելաոճը մերը չեն, օտար են եւ անընդունելի: