Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հայերը Յիշատակող Թրքական Հոլովակը Յարուցած է Ազրպէյճանցիներու Զայրոյթը

Թրքական «TGRT» (Turkiye Gazetesi Radyo Televizyonu) հեռուստաալիքը երկրին մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման անյաջող փորձէն յետոյ պատրաստած է  թեմատիկ հոլովակ, ուր Աթաթուրքին յայտնի «ինչ երջանիկ է ան, որ ինքզինք թուրք կ’անուանէ» խօսքերը տարածուած է Թուրքիա բնակող ժողովուրդներուն, ներառեալ եւ հայերուն վրայ:

Հոլովակին մէջ, ըստ ermenihaber.am-ի, մասնաւորապէս ըսուած է. «Ինչ երջանիկ է ան, որ ինքզինք կ’անուանէ թուրք, լազ, քիւրտ, զազա, վրացի, չերքեզ, արաբ, հայ, յոյն, ալպանացի, հրեայ, քրիստոնեայ, իսլամ, ալեւի, սիւննի: Քանի որ մենք, մեր կեանքն ու արիւնը զոհաբերելով, բոլորս միասին յաղթած ենք «ազատագրական» պատերազմը եւ ժողովրդավարութեան պատերազմը նոյնպէս ձեռք ձեռքի տուած պիտի յաղթենք»:

Այս հոլովակին խիստ մեղադրական կեցուածքով անդրադարձած է ազրպէյճանական «Haqqin.az» լրատուական կայքը, նշելով, որ այնտեղ կը բացակայի նոյնիսկ ազրպէյճանցիներուն անունը:

Ազրպէյճանական կայքը մասնաւորապէս գրած է. «Մինչ Ազրպէյճանի մէջ հեռուստաալիք կը փակեն ու կը պատժեն լրագրողը՝ Ֆեթուլլահ Կիւլենի (Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդ – EH) հետ հարցազրոյց ընելու համար, Թուրքիոյ մէջ հոլովակ կը տարածեն, ուր հայերու եւ Հայաստանի նկատմամբ սէր կը քարոզուի»:

Կայքը կը յիշեցնէ, որ Ազրպէյճանը Հայաստանի հետ կը գտնուի ռազմաքաղաքական խնդիրի մէջ եւ հարցադրում կ’ընէ, թէ Թուրքիան ինչպէս պիտի բացատրէ այս հոլովակին տարածումը պետական շրջանակներու կողմէ հովանաւորուող հեռուստաընկերութեան եթերով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին