Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Փորձէն Ետք Ձերբակալուածները Ծեծի եւ Խոշտանգումներու Կ’ենթարկուին. Amnesty International

Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը համոզիչ ապացոյցներ հաւաքած է, որ կ’ապացուցէ, թէ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած անձերը երկրի պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական կալանավայրերուն մէջ ծեծի եւ խոշտանգումներու, ինչպէս նաեւ բռնաբարութեան կ’ենթարկուին, կը հաղորդէ Tert.am-ը:

Կազմակերպութիւնը կոչ կ’ընէ անյապաղ հնարաւորութիւն ընձեռելու անկախ դիտորդներուն շփուելու յեղաշրջման փորձի հետեւանքով ձերբակալուած անձերու հետ, որոնք կը գտնուին երկրի բոլոր կալանավայրերուն մէջ` ոստիկանական բաժանիններու, մարզական կեդրոններու եւ դատարաններու:

Ինչպէս կը նշուի կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ, աւելի քան 10 000 մարդ ձերբակալուած է ռազմական յեղաշրջման փորձի ձախողումէն ետք:

Amnesty International -ը հաւաստի տեղեկութիւններ ունի, որ թուրք ոստիկանները Անգարայի եւ Սթամպուլի մէջ կալանաւորները 48 ժամ կը պահեն լարուած վիճակի մէջ` զրկելով զանոնք սնունդէ, ջուրէ եւ բուժօգնութենէ, ինչպէս նաեւ սպառնալով ու վիրաւորելով զանոնք: Վատագոյն պարագային որոշ մարդիկ ծեծի եւ խոշտանգումներու, ինչպէս նաեւ բռնաբարութեան կ’ենթարկուին:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ Թուրքիոյ կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է երկրին մէջ, որուն պատճառով ձերբակալուող անձերուն թիւը կրնայ աճիլ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին