Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուելու Ենթակայ Լրագրողներու Ցուցակին Ներառուած է Հայ Լրագրող Հայկօ Պաղտատը

Թուրքիոյ հասարակական ցանցերուն մէջ տարածուած է ցուցակ մը, որուն մէջ նշուած են լրագրողներու անուններ, որոնք պէտք է ձերբակալուին: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Cumhuriyet» թերթին կայքը յայտնած է, որ տեղեկութիւնը սկսած են տարածել այն օգտատէրերը, որոնք սերտ կապեր ունին իշխանական շրջանակներուն մէջ:

Օրինակ` Twitter-ի վրայ «Baskentai» անունով օգտատէրը հրապարակած է 73 լրագրողի անուն: Այս ցուցակին վրայ ներառուած է նաեւ հայ լրագրող, յօդուածագիր Հայկօ Պաղտատի անունը: Վերջինս նշելով, որ իրավիճակը ծիծաղելի է, յոյս յայտնած է, որ այս անսպասելի ողբերգութիւնը յաղթահարելով, աւելի շատ պիտի պայքարին ժողովրդավարութեան համար:

Թրքական այլ կայք մը` «Internethaber»-ը, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Twitter-ի վրայ Պաղտատի վերջին արձանագրութեան վրայ, ուր ան գրած էր, որ կիսագործնական այցով Աթէնք կ’երթայ եւ չըսեն, թէ ինքը փախած է:

Կայքը նշած է, որ պիտի ձերբակալուին այն լրագրողները, որոնք, ըստ պնդումներուն, առընչութիւն ունին կիւլենական համայնքին հետ:

Նշենք, որ Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած էր ռազմական յեղաշրջման փորձ, որ ձախողած էր: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրած էր ամերիկաբնակ թուրք կրօնական գործիչ, միլիառատէր Ֆեթուլլահ Կիւլենը եւ անոր ստեղծած շարժումը, որուն թրքական լրատուամիջոցները կ’անուանեն զուգահեռ կառոյց կամ Ֆեթուլլահի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Յեղաշրջման փորձին ձախողութենէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ սկսած էր ձերբակալութիւններու մեծ ալիք, պետական տարբեր գերատեսչութիւններու շուրջ 45 հազար աշխատակից հեռացուած էր աշխատանքէ եւ կամ ձերբակալուած էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին