Արդէն աւելի քան շաբաթ մը անցած է Երեւանի Խորենացի փողոցին մէջ տեղի ունեցած ոստիկանական կեդրոնի գրաւման դէպքէն: Նախօրէին Պարեկապահակային գունդի տարածք մտած զինուած խումբը, գունդի ծառայողական փոխադրակառքերէն մէկը դուրս բերած էր փողոց եւ այրած: Հիմնադիր Խորհրդարանի ղեկավարներէն Ալեք Ենիգոմշեան յայտարարած էր, որ մեքենան այրելը բողոքի նշան է, որովհետեւ զինեալները զրկուած են ուտելիքէ, բժշկական օգնութենէ եւ ելեկտրական հոսանքէ: Այդուհանդերձ ըստ անոր, բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այդ մասին յայտարարած էր նաեւ միջնորդութիւն կատարող Վիթալի Բալասանեան: Յայտնի դարձած էր նաեւ, թէ ով պիտի փոխարինէ Բալասանեանը` իբրեւ Սասնայ ծռեր խումբի եւ իշխանութիւններու միջեւ բանակցութիւններու միջնորդ, որ Սիսիանի Սիսական ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանն է: Նախօրէին Խորենացի փողոցին մէջ կը գտնուէր նաեւ Երեւանի փոխոստիկանապետ գնդապետ Վալերի Օսիպեանը, որ 7 օրեր պատանդ մնացած էր զինեալներուն մօտ: