*ՏՈՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Որոշած էի Կուսակցական հարցերու շատ չանդրադառնալ բայց… սատանան չար է… մարդկանց տկար կէտերը լաւ գիտէ։ Իսկ տկար կէտերէն մէկը փառամոլութիւն կը կոչուի, որ կ’ախտահարէ բոլոր մարդկանց անխտիր, սակայն տարբեր աստիճաններով կրնայ անոնց ոգին հիւծել ու իր ստրուկը դարձնել, տառապանք պատճառելով այդ ծանր հիւանդին, եւ մանաւանդ անոր մօտիկ «երբեմն նոյնիսկ հեռու» շրջապատին։ Այս հիւանդութեան նախանշաններէն մէկը կը համարուի հիւանդին «գիտէ՞ք ես ի՛նչ սխրագործութիւններ ըրած եմ կուսակցութեան համար» նախերգանքով սկսող, «կուսակցութիւնը ինծի շատ բան պարտական է» գաղափարի յայտնութիւնը մտաւոր ապա բանաւոր արտայայտութեամբ՝ իր մտերիմներուն եւ հաւատաւոր ընկերներուն։ Ապա հիմնուելով իր այդ յայտնութեան վրայ, այլ միտքեր եւ հետեւութիւններ մէջտեղ կը բերէ հիւանդը որպիսիք՝ «ինծի վիրաւորողը կուսակցութիւնը վարկաբեկած կ’ըլլայ» ուստի՝ «ես անմատչելի եմ», իսկ յետոյ՝ «քիչ մը շոյեցէք ինծի», կամ՝ «ինծի պատուելու ժամանակը չեղա՞ւ», նաեւ «սանկ… շքանշան մըն ալ՝ լա՛ւ կ’ըլլար»։ Հիւանդութեան զարգացման հետ մէջտեղ կու գան տարբեր ախտանիշներ, օրինակ՝ քաղաքական կուրութիւն, միութենական յիշողութեան կորուստ, գաղափարախօսական մտքերու անկապութիւն, ազգային տրամաբանութեան մթագնում եւ այլն։
Ցկեանս…
Նախ անհրաժեշտ է այս բառին ճիշտ իմաստը սահմանել… սա տիտղո՞ս է, պաշտօ՞ն է թէ՞ դատավճիռ…։
-Եթէ պարզապէս բարձրագոյն Պատուոյ տիտղոս մըն է, ի երախտագիտութիւն ենթակային տարած վիթխարի կուսակցական կամ միութենական գործունէութեան, ապա արդարացի ըլլալու է, եւ սխալ չըլլար կազմակերպութեանս գործունեայ բոլոր երէց անդամներուն, որոշ տարիքէ մը ետք ցկեանս տիտղոսը շնորհել՝ ցկեանս պատուոյ անդամ, ցկեանս վեթերան, ցկեանս երախտաւոր, ցկեանս Ռամկավար եւ այլն, սակայն այս պարագային կը մնայ սահմանել տարիքը, որմէ ետք կուսակցական կամ միութենական ընկեր մը կը տեղափոխուի «ցկեանս»ներուն պատուոյ ցանկին մէջ։
-Եթէ «ցկեանս»-ը պաշտօն մըն է, ուրեմն կամ պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի այդ պաշտօնը, կամ մեր գաղափարախօսութիւնը փոխուի։ Ի՞նչ գործ ունի «ցկեանս» պաշտօն մը ռամկավար համակարգի մը մէջ, ուր վարչութիւնները վերէն վար, մեծէն փոքր պարբերաբար կ’ընտրուին ձայներու մեծամասնութեամբ, բան մը որ ռամկավարութեան առաջին նախապայմանն է։
-Կը մնայ դատավճիռ մը ըլլալու պատեհութիւնը։ Այսինքն, ենթակային «ցկեանս» ընտրած ու օծած են իր անմիջական ընկերները կամ շրջապատը, իր փայլքով շլացող, «խադիր»ը կտրելէ խուսափող, անոր անսպառ ու անկրկնելի տաղանդ ու հանճար համարող մարդիկ, որոնք որքան ալ բազմաթիւ ըլլան, այնուամենայնիւ ամբողջ կուսակցութեան կամ միութեան մը տարողութեամբ խիստ փոքրաթիւ կը համարուին, ուստի, այդ պատմուճանը իր ուսերուն դնելէն առաջ յիշեալ «անկրկնելի տաղանդը», լաւ կ’ըլլայ պահ մը այս իրականութիւնները ի մտի բերէ, նաեւ յիշէ որ անմիջական շրջապատին տհոլն ու զուռնան որքան ալ բարձր հնչեն, քիչ մը հեռու գտնուող ընկերոջ մը համար անլսելի պիտի մնան, իսկ մեր կուսակցութիւնը տարածում գտած է ոչ միայն քիչ մը հեռու, այլեւ աշխարհով մէկ… ուր շատ են այնպիսի ռամկավար կուսակցականներ, որոնց համար այդ պատմուճանին ներկայութիւնն անգամ, անարգանք կը դիտուի կուսակցութեանս անդամակցութեանն ընդհանրապէս եւ գաղափարախօսութեանը՝ յատկապէս։ Ցկեանս օծուած «անսպառ հանճարներ», անտեսելով ամբողջ կեանքի մը ընթացքին ձեռք բերած իրենց իսկ երէցի խորհուրդը, ծանրութիւնը, պատկառելիութիւնը, յառաջացած տարիքը, մէկ խօսքով՝ կուսակցութեան հանդէպ ունեցած իրենց «էմէկը», կը պնդեն ու յամառին գործնականօրէն ղեկավարել անոր, նման մեծ կազմակերպութիւն մը տնօրինելու եւ կառավարելու համար պահանջուած՝ եռանդ ու կորովը ունենալ ու տալ խոստանալով, այն աստիճան որ Վահան Թէքէեանին աճիւնները կը սկսին անհանգստանալ։ Եւ ինչպէ՞ս չ’անհանգստանան…։
Երբ փառամոլութեան ծայրագոյն աստիճաններուն հասած իր յետնորդներէն «նորին Վսեմութիւն» մը, նկատելով որ իր երբեմնի կայսրութեան հպատակներէն մաս մը «չըսելու համար մեծամասնութիւնը, որ սակարկելու առիթ չի բացուի», դադրած են իրեն «նորին վսեմութիւն կայսր մեծ ու հզօր» մակդիրով կոչել, ու կը համարձակին առանց իր յիշատակութեան կամ արտօնութեան, յօդուածներ տարածել իր «սեփականութիւնը» համարուող հիմնարկներէն «Նոր օր» կոչուածին միջոցաւ. ուստի «Կայսր»ը վրդոված այս իրականութիւնէն, հրամայած է զայն հրկիզել։ Եւ կը սկսի քաշքշուք մը, որուն մէջ մեծապէս վարպետ է «նորին վսեմութիւնը»… ան իր տաղանդը բազմիցս փաստած է Երեւանի մէջ «Ազգ»-ի ու «Կռունկ»-ի, եւ աշխարհով մէկ՝ կուսակցութիւն մը սեփականացնելու գործունէութեամբ։ Կիտած յօնքերով «մէկն ու միակ»ը կը յոխորտայ՝ «Իմս է, ըսածս պիտի գրէ, եւ դեռ որպէս ծայրագոյն կայսր՝ զիս պիտի ընդունի, այլապէս՝ կը կործանեմ… սաւոնց նայիր հէլէ՝ գիրկս նստած մօրուքս կը փետեն»… բայց հարցնող մը ըլլայ գոնէ թէ՝ «այդ ո՞ր օրէնքի ուժով կուսակցութեան կամ միութեան մը կալուածը սեփականութիւնդ համարելով «գիրկդ նստած» կը նկատե՞՞՞ս»։ Գուցէ մեծն կայսրը սկսած է չախորժիլ «նոր» բառէն… մանաւանդ երբ այդ «Նոր»ը դադրած է կայսրին «հին» դէմքը ներկայացնել. Դէմք մը, որ յաճախ կերեւի փայլուն ձեւով իր փայփայած «հայելի»ին մէջ, ուր ան միշտ ինքն իրեն կը տեսնէ, դիտէ ու զմայլի եւ կը բացագանչէ՝ «փառք ինձ… վասնզի կայսրն եմ… »։
Կուսակցութիւնը որեւէ մէկուն պարտական չէ…
Մանաւանդ այն կուսակցականներուն, որոնք ունենալով տարբեր մտաւոր, հոգեւոր կամ Ֆիզիքական չափեր, իրենց շուքի տակ մնացած կողմնակիցներուն կը թելադրեն ու կ’ուզեն աջ ու ահեակ «յիշեցնելու» կարգով յորջորջել, թէ իրենք հիմնած են այս կուսակցութիւնը, իրենց միջոցաւ ու պատճառով ի՛նչ նուաճումներ ձեռք բերաւ այս կազմակերպութիւնը, իրենց «անսակարկ նուիրումով» ինչպիսի՛ յաջողութեան հասաւ Ռ.Ա.Կ.−ն ու Թ.Մ.Մ.−ը, եւ դեռ՝ դիմագիծ կերտող հանդիսանալ կը յաւակնին…։ Կը խորհիմ թէ ամէն մէկ կուսակցական, իր գործունէութեան, աշխատանքին, անգին զոհողութիւններուն, կամ անսակարկ նուիրումին համապատասխան փոխհատուցում մը ստացած է արդեն հետեւեալ ձեւերէն մէկով կամ բոլորով՝
-Հոգեւոր փոխհատուցում՝ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պարտականութիւնը կատարած ըլլալու ինքնագոհունակութիւն։
-Շողշողուն փոխհատուցումներ՝ սեփական բաճկոնին օձիքէն կախուելիք, կամ գրպանը ծանրացնող փայլուն մետաղներու օրինակով, եւ դեռ՝
-Ատենին վաստակած ու վայելած շրջապատի ջերմ հիացմունքի ժպիտներ, փառաբանման նախադասութիւններ եւ քաղցր կենացներ…։
Գուցէ հիմա սոյն տողերս կարդացող «կայսրը» բարկանալով մռմռայ թէ «Այ անպիտան, երբ ես կուսակցութեան դրօշը ձեռքս կը ղեկավարէի, դուն ու՞ր էիր…»։ Այդ պահուն շատ պիտի ուզէի իր մօտը ըլլալ պատասխանելու՝ «Նոյն դրօշին շուքին տակ աննշմար տեղ մը՝ ուր որ եմ հիմա նոյնպէս, ուշադրութեամբ կը հետեւէի թէ ցկեանս մնալու կիրքդ մէկ կողմ դնելով, ինչպէ՞ս ու ե՞րբ նոր ղեկավար մը պիտի պատրաստէիր, եւ ի՛նչ հպարտութեամբ ու ազնուութեամբ ձեռքիդ դրօշը պիտի փոխանցէիր անոր…»։
Մեր կուսակցութիւնն ու կազմակերպութիւնը հիմնեցին եւ բարձրացուցին նուիրեալ ազգասէրներ, որոնք աշխատեցան կուսակցական կամաւոր «զինուորի» հոգեբանութեամբ, անսակարկ նուիրումներով ու զոհողութիւններով։ Եթէ անոնք գիտնային որ այսօր իրենցմէ մէկը ինքզինք «կայսր» ձեռնադրելով, պիտի սեփականացնէ անոնց վիթխարի աշխատանքը, նոյնիսկ ի գին այդ ազգային կառոյցները մասնատելու, այլանդակելու կամ անոնց հաշւոյն նորերը մակաբուծելու, արդեօք նոյն նուիրումով կը գործէի՞ն, եւ այսօր որեւէ կուսակցութիւն կամ կազմակերպութիւն մը կունենայի՞նք։ Բարեբախտաբար դեռեւս կանգուն է այդ հսկաներուն հիմնած կառոյցը, շնորհիւ անոնց նման նուիրեալներու, որոնք երբեմն նոյնիսկ «կայսր»ի մը հովանոցին տակ, սեփական նիւթական կամ բարոյական միջոցներով կը շարունակեն կատարել իրենց ազգային պարտականութիւնը, այլեւ կը գերազանցեն պահանջուածը, որպիսիք՝ բազմաթիւ տարեկան մշակութային, գրական եւ այլ մրցանակներու հովանաւորները, Հայրենիքին մէջ քար մը քարի վրայ դնելու կամ պահելով զբաղուածները, մեր ազգային դատը հետապնդողները, բարերարներ, ազգայիններ եւ նոյնիսկ պարտաճանաչ կուսակցականներ կամ միութենականներ, որոնցմէ շատերը կ’ենթադրեմ թէ անտեսելով «կայսրի» մը ներկայութիւնը, իրենց ազգային պարտքը կը կատարեն։ Այդօրինակ զինուորներ յարգելի եւ մեծ կը մնան համախոհ ու այլախոհ կուսակցականներու ակնոցով, շատ աւելի հսկայ քան ինք՝ կայսրը եւ իր մի քանի գործակատարները կ’երազէին ըլլալ երբեւէ։
Միջին սերունդի կուսակցական մը ըլլալով, Կայսրին ու անոր նախարարներուն որպէս երէց կուսակցականներ, շատ պիտի ուզէի փառաբանել, արարքները որպէս օրինակ յիշել, անոնց կեանքի ընթացքով ու «անսակարկ նուիրումով» ոգեւորուիլ, հպարտ զգալ որ նման գաղափարական սերունդի մը ժառանգորդն եմ…։ Բայց եկուր տես որ՝ անոնց յիշելով այսպիսի յօդուած մը նստած կը գրեմ…։
Տարիներ առաջ Երեւան, «Արշակ Չոպանեան» կուսակցական ակումբի տղաոցմով, գիշեր մը մինջեւ լոյս մայրաքաղաքի փողոցները զարդարեցինք եւ առաւօտեան՝ «Հոկտեմբեր 1-ին» Երեւանը կապոյտ արթնցաւ…։ Ռ.Ա.Կ. 70 ամեակի առիթով կապտաւուն ցուցաթղթերով ծածկեցինք Երեւանի բոլոր գլխաւոր թաղամասերը, որոնց վրայ Ռ.Ա.Կ. զինանշանին կողքը հետեւեալ գրութիւնը կար՝ «Ժողովուրդէն, ժողովուրդով եւ Ժողովուրդին համար»։ Երեւակայելն անգամ դժուար էր այդ օրերուն որ, օր մը այդ նշանաբանը ոմանք պիտի փոխարինեն հետեւեալով՝ «Ժողովուրդէն, Ժողովուրդով, իմ փառքիս համար…»։