Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին

Եթէ ժամանակը մեզի համար կարճ եղաւ Տոքթ. Զարեհ Մալճեանին հետ աւելի մօտէն շփուելու համար , սակայն կրնանք անվարան ըսել, որ այդ կարճ ժամանակը բաւարար էր՝ լաւ ճանչնալու զինք եւ գնահատելու իր արժանիքները։

Հպատակութեամբ լիբանանցի, ան ծնած է Հալէպ 1956-ին եւ  յաճախած քաղաքի Քարէն Եփփէ ճեմարանը։Բարձրագոյն ուսմանը հետեւած է Հալէպի համալսարանին մէջ , ուրկէ ստացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ ապա ընդհանուր վիրաբուժութեան մասնագիտական վկայականները։Յաւելեալ մասնագիտական կազմաւորում ստացած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ, որմէ ետք ասպարէզի բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Սուրիոյ զանազան հիւանդանոցներուն մէջ ։

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով, Տոքթ. Մալճեան հաստատուեցաւ  Լիբանան, եւ շնորհիւ Լիբանանի Բժշկական Կարգի (Սենտիքա) իր անդամակցութեան , ան կրցաւ իր ասպարէզը կիրարկելու իրաւունքը պահել ։Ան  անմիջապէս դարձաւ գործօն անդամ ՝Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան ։

Հակառակ իր ունեցած բազում մտահոգութիւններուն, երբ հարկադրուած էր իր ասպարէզը ոչինչէն վերսկսիլ, տպաւորիչ էր տեսնել իր յարատեւ ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը միութեան բոլոր  ձեռնարկներուն ՝ դասախօսութիւններ,  սենտիքայի ընտրութիւններ եւայլն։

Յատուկէն կ’արժէ անդրադառնալ Վանայ Ձայնի հետ գործակցաբար կազմակերպուած բժշկական յայտագրին «առողջութիւնը ոսկի գանձ է», ուր անկախ իր մասնագիտութենէն, ան կը ներկայացնէր բազմաթիւ այժմէական նիւթեր ։

Միութենէն դուրս կ’արժէ նաեւ անդրադառնալ ԱՖՀԻԼ –ի  հրատարակած առողջապահական «Զգոյշ» պարբերաթերթին, ուր առանց բացառութեան իւրաքանչիւր թիւի մէջ յօդուած ստորագրած էր ։

Գործունեայ եւ համեստ, ան արագօրէն  շահեցաւ իր պաշտօնակիցներու վստահութիւնը, եւ մօտ 2 տարի առաջ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ անդամ Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան վարչութեան ։

Վարչութեան մէջ ան շարունակեց նոյն յանձնառու գործունէութիւնը, նոյն թափով ։Սակաւախօս, ան միաժամանակ յստակ եւ օգտակար տեսակէտներ կ’արտայայտէր եւ իր մօտեցումը միշտ դրական էր ։

Տոքթ.  Մալճեան  հեռու էր ցուցամոլութենէ եւ եսակեդրոնութենէ։ Վարչական ընտրուելէն ետք պատահաբար եւ անուղղակի ձեւով իմացանք նաեւ որ Սուրիոյ մէջ հասարակական բեղուն գործունէութիւն ունեցած էր ։

Աւաղ , դաւադիր անողոք հիւանդութիւնը դարանակալած էր զինք, եւ կանխահաս մահը պիտի գար մեզմէ խլելու այս ազնիւ, գործունեայ եւ անանձնական բժիշկը ։

Սոյն գրութեամբ պիտի ուզէինք նաեւ հրապարակաւ արտայայտել մեր խորազգած  ցաւակցութիւնները իր կողակիցին Սեւանին եւ իր զաւակներուն ։

Յարգանք իր յիշատակին։

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ  ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ  ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին