Յուլիս 22-ին, ժամը 19.00-ին Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած՝ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ իրականացաւ ՀՀ նախագահի բարձր հովանիին ներքոյ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ողջոյնի ուղերձը ներկայացուց նախագահի օգնական Մարտին Զաքարեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Փառատօնի մասնակիցներուն ողջունեց ու բարի երթ կը մաղթեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Փառատօնի մասնակիցներուն իրենց կատարումներով ողջունեցին Գէորգ Հաճեան, Արսէն Գրիգորեան եւ Մասիս Մինասեան:
Ցուցադրուեցաւ «Իմ Հայաստան-2014» տեսաֆիլմը:
Ելոյթ ունեցան փառատօնին մասնակցելու համար աշխարհի 25 երկիրներէ ժամանած 48 պարախումբեր: