*ԼՈՒՍԻՆԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ*
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագրի կամաւոր,
ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանող
Յուլիս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագրի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի Վազգէն Ա անուան թիւ 168 դպրոց:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` սփիւռքահայ ուսուցիչներուն դպրոցին մէջ դիմաւորեցին աղ ու հացով, որմէ ետք դպրոցի աշխատակիցները հիւրերուն ծանօթացուցին դպրոցի առօրեային, կազմակերպեցին փոքրիկ շրջայց:
Այս այցելութիւնը հետաքրքիր էր նաեւ այն առումով, որ եթէ նախորդ հանդիպումներուն ժամանակ դպրոցի աշխատակիցները հիւր կու գային ծրագիրին մասնակից ուսուցիչներուն եւ կը խօսէին իրենց դպրոցին, ծրագիրներուն եւ առօրեային մասին, այս անգամ հանդիպումը առաւել գործնական էր, եւ ուսուցիչները տեղւոյն վրայ ծանօթացան դպրոցի առօրեային:
Սփիւռքէն ժամանած ուսուցիչներուն համար դպրոցին մէջ փոքրիկ ձեռնարկ կազմակերպուած էր, որմէ յետոյ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն Սոնա Գալստեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ միշտ պատրաստակամ են համագործակցելու Սփիւռքի նախարարութեան հետ, իսկ դպրոցի դռները միշտ բաց են սփիւռքահայ ուսուցիչներուն առջեւ:
Իր շնորհակալական խօսքը ըսաւ ռուսաստանաբնակ ուսուցչուհի Սեդա Խաչատրեան` նշելով, որ իրեն համար հաճելի եւ յուզիչ է ըլլալ այս դպրոցին մէջ եւ արժանանալ այսպիսի ջերմ ընդունելութեան:
Ձեռնարկին աւարտէն ետք ուսուցիչները տեղափոխուեցան դասասենեակ, ուր յայտնուեցան աշակերտի կարգավիճակի մէջ եւ ներկայ գտնուեցան բաց դասի: Բաց դասի ժամանակ սփիւռքահայ ուսուցիչները ծանօթացան դպրոցի աշխատակազմին: Միասին երգեցին, արտասանեցին եւ աղօթեցին:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեան ուսուցիչներուն առաջարկեց մտածել եւ դիմել Հայաստանի մէջ գործող դպրոցներուն` դառնալու քոյր դպրոցներ, որ հնարաւորութիւն կու տայ կապը աւելի սերտ դարձնել դպրոցներուն միջեւ, մշակել միասնական ծրագիրներ եւ իրականացնել ձեռնարկներ:
Հանդիպման աւարտին դպրոցի աշխատակազմը փոքրիկ հիւրասիրութիւն կազմակերպած էր Սփիւռքէն ժամանած հիւրերուն համար, որուն հետեւանքով շփումը առաւել մտերմիկ ու հետաքրքիր դարձաւ:
«Հայերն Այսօր»