Կառավարութիւնը ՀՀ 2016թ. պետական պիւտճէին մէջ եւ իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ կատարած է փոփոխութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են ՀՀ պետական իշխանութեան մարմիններէն ստացուած՝ 2016թ. պետական պիւտճէի կատարումը ապահովելու նպատակով, իրենց կողմէ իրականացող ծախսային ծրագիրի գիծով պետական պիւտճէով նախատեսուած յատկացումներու կրճատման վերաբերեալ առաջարկութիւններով:
Որոշման ընդունմամբ ՀՀ 2016թ. պետական պիւտճէի պակասը եւ ծախսերը կը կրճատուին մօտ 10.4 միլիառ դրամով:
Յաջորդ որոշմամբ կառավարութիւնը 2016թ. պետական պիւտճէին մէջ կատարած է վերաբաշխում եւ փոփոխութիւններ, որոնք թելադրուած են ՀՀ պետական պիւտճէէն ֆինանսաւորուող՝ պետական իշխանութեան մարմիններու ծառայողական հանրակառքերու սահմանաքանակներու կրճատման կապակցութեամբ յառաջացած՝ 142 ծառայողական մեքենաներու պահպանման ծախսերը` շուրջ 91 միլիոն դրամի չափով (հաշուարկը կատարուած է 6 ամսուայ վրայ), կրճատելու անհրաժեշտութեամբ: