Յուլիս 22-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, դատախազութեան եւ քննչական մարմիններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Երկիրի ղեկավարին ներկայացուած է Յուլիս 17-ին ՀՀ ոստիկանութեան Պահակապարեկային գունդի տարածքին վրայ տեղի ունեցած զինուած յարձակման եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ իրականացող միջոցառումներու արդիւնքները:
Հանրապետութեան նախագահին զեկուցած են նաեւ, որ Պահակապարեկային գունդի տարածքին մէջ պահուող պատանդները ազատ արձակելու, զինուած խումբի անդամներուն կողմէ զէնքը վար դնելու եւ իշխանութիւններուն յանձնուելու նպատակով շարունակաբար կը վարուին բանակցութիւններ, կը ձեռնարկուին իրավիճակէն թելադրուող այլ անհրաժեշտ գործողութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ ստեղծուած իրավիճակին խաղաղ հանգուցալուծում տալու համար՝ պէտք է ձեռնարկուին հնարաւոր բոլոր միջոցները, շեշտած է ենթադրեալ բոլոր իրաւախախտումներու համակողմանի եւ անաչառ քննութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն համար պատիժի անխուսափելիութեան ապահովումը: Խորհրդակցութեան արդիւնքներով իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուն տրուած են անհրաժեշտ յանձնարարականներ:
«Մինչ մեր հերթական խորհրդակցութիւնը սկսելը մէկ անգամ եւս փաստենք, որ մեր երկիրը այս օրերուն կ՛ապրի դժուար եւ պատասխանատու օրեր: Պատճառներուն ի հարկէ այս պահուն չեմ անդրադառնար: Հիմա անոր ժամանակը չէ: Կ’ըսեմ միայն, որ բոլորս պէտք է ասկէ դասեր քաղենք:
«Մէկ անգամ եւս կը ցաւակցիմ զոհուած գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն: Բոլորս պարտք ունինք անոր առջեւ: Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի այս բարդ իրավիճակը կարգաւորուի եւ նման ողբերգութիւն այլեւս չկրկնուի:
«Այս վիճակի ակունքին մէջ է՝ մեր իրողութեան մէջ ամենավտանգաւոր մտայնութիւնը` հարցերը լուծել բռնութեամբ եւ ուժի կիրառմամբ: Այս մտայնութեան յետագայ զարգացումը յղի է շատ վտանգաւոր հետեւանքներով՝ մեր երկիրի եւ պետականութեան համար:
«Հայաստանի մէջ բռնի ուժով, յարձակումով եւ պատանդ վերցնելով հարցեր չեն լուծուիր: Եւ այդ մէկը մենք երբեք թոյլ չենք տար: Այս իրավիճակի հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ մեր հասարակութեան ու պետութեան հասունութեան կարեւորագոյն քննութիւն:
«Ոստիկանութեան Պարեկապահակային գունդի տարածքը գրաւած զինեալներուն կոչ կ՛ընեմ ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ իրենց սադրիչ գործողութիւններով չվտանգելու ուրիշներու կեանքը:
«Պատանդները պէտք է ազատ արձակուին:
«Զինուած խումբը պէտք է վար դնէ զէնքը:
«Յետագայ հանգուցալուծումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու խստիւ պահպանմամբ:
«Անձնական վրէժխնդրութեան բոլոր փորձերը պիտի կասեցուին օրէնքի ուժով:
«Այո՛, Հայաստանի մէջ դժգոհներ շատ կան: Սակայն թող ոչ ոք չսխալի եւ չմտածէ, որ կրնայ որեւէ առիթ կամ պատճառ շահագործել՝ մեր պետականութեան հիմքերը քայքայելու համար:
«Կը յորդորեմ մեր հանրութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն, իրենց քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները իրականացնելու բացառապէս խաղաղ եւ օրէնքի շրջանակներու մէջ: Կը յորդորեմ նաեւ, որ տուրք չտան ծայրայեղ քայլերու եւ սադրանքներ հրահրող անձերու առաջարկներուն ու գաղափարներուն: Ան յղի է նոր մարդկային կորուստներու լուրջ վտանգով:
«Կը յորդորեմ, որ իւրաքանչիւր ոք գիտակցի այդ սադրանքներէն եւ ծայրայեղ քայլերէն բխող իրական վտանգները:
«Կը յանձնարարեմ ձեզի` իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուդ, որպէսզի ձեր գործունէութիւնը շարունակէք իրականացնել խստագոյն զսպուածութեամբ` օրէնքի շրջանակներու մէջ:
«Մենք կը շարունակենք ձեռնարկել հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ իրավիճակին վերջնական խաղաղ հանգուցալուծում տալու համար:
«Կրկին կոչ կ՛ընմ զինուած խումբին` ժամ առաջ վար դնելու զէնքը:
«Մենք կը գործենք եւ պիտի գործենք համբերատարօրէն: Մեր երկիրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի կեանքը եւ առողջութիւնը թանկ է մեզի համար:
«Մենք այսպիսի իրավիճակներու մէջ դասական համարուող ճանապարհով չենք ընթանար: Այսպիսով մենք հնարաւորութիւն տուած ենք զինուած խումբին ետքայլ կատարելու: Յոյսով եմ, որ անոնք կը սթափին:
«Բայց մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ մեր ամբողջ հանրութիւնը այս լարուածութեան պատանդը դառնայ:
«Կը կարծեմ, որ այս իրավիճակը արդէն աւելի երկար կը տեւէ՝ քան մենք կրնանք մեզի թոյլ տալ: Ապրիլ ամիսէն դեռ այնքան շատ ժամանակ չէ անցած, որպէսզի մեր հասարակութիւնը իրեն թոյլ տայ մոռնալու տեղի ունեցածը:
«Մէկ անգամ եւս բոլորիս զգօնութեան եւ զսպուածութեան կոչ կ՛ընեմ` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, յանուն մեր ժողովուրդի ապագայի», ըսած է Հայաստանի նախագահը խորհրդակցութեան ընթացքին: