Շաբաթ, 19. 07. 2025

spot_img

Հակառակորդը Մովսէս Գիւղի Դպրոցի Խաղավայրին եւ Գերեզմանատան Ուղղութեամբ Կրակած է

Տաւուշի մարզի Մովսէս գիւղին մէջ, Յուլիս 21-ին հակառակորդը կրակած է  դպրոցին յարակից խաղահրապարակին ու գերեզմանատան ուղղութեամբ, ուր մարդիկ համեմատաբար շատ եղած են: Բարեբախտաբար տուժածներ, վիրաւորներ եւ զոհեր չկան։ Իսկ գիշերը հանգիստ անցած է: Այդ մասին Panorama.am-ի թղթակիցին յայտնած  է Մովսէսի գիւղապետ Արայիկ Աւալեանը:

«Գիշերը մինչեւ ժամը մէկ ու կէս գիւղին մէջ նստած էի տղոց հետ եւ սպասած, բան մը չեղաւ, տուն գացինք», ըսած է գիւղապետը:

«Դպրոցին մօտ խաղահրապարակ ունինք, երախաները հոն խաղալու ժամանակ կրակած են, նաեւ գերեզմանատան ուղղութեամբ կրակած են, ուր յուղարկաւորութիւն կը կատարուէր: Արարողութենէն յետոյ մի քանի անգամներ կրակեցին ինքնաշարժներուն ուղղութեամբ եւ ինքնաշարժի մը անթենը կտրուեցաւ», փոխանցած է պարոն Աւալեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին