Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Երբ Անփորձութեան Վրայ Կու Գայ Աւելնալու Նաեւ Բթամտութիւնը …

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Առանց մասնագիտական մարզումի (training) պաշտօնեաներ գործի կոչելը՝ սեփական թէ պետական հաստատութիւններու մէջ, իւրօրինակ երեւոյթ է Լիբանանի մէջ:

Խայտառակութիւնը կը սկսի ճաշարաններէն, ուր անփորձ եւ անմարզ սպասեակներ, պարզապէս իրենց գործին յատուկ զգեստը հագած, ամէն տեսակի ձախաւերութիւն կը գործեն իրենց աշխատանքի պահուն, իսկ անցնելով փողոցներն ու ճամբաները, հոն ստեղծուած խճողումներու մեծամասնութեան պատճառը՝ իբր թէ նոյնինքն այդ խճողումը կարգի դնելու համար այդ վայրերու երթեւեկը վերահսկելու համար նշանակուած ոստիկաններն են…:

Սակայն երբ անփորձութեան վրայ գայ աւելնալու նաեւ բթամտութիւնը՝ արդիւնքը կ՛ըլլայ վերի նկարը, ուր ինքնաշարժի կանգառի պաշտօնեայ տուգանք գրող «խելացի» պաշտօնեան, առանց վայրկեան մը մտածելու, թէ իր գրած տուգանքը ինչի՞ կրնայ ծառայել, երբ տուեալ ինքնաշարժը թիւ չունենալով՝ անկարելի պիտի ըլլայ անոր խախտումի հարցը հետապնդել, ամենայն տխմարութեամբ տուգանքի յատուկ թղթիկին վրայ արձանագրած է՝ ինքնաշարժի թուատախտակին վրայ իր տեսածը, որուն տէրը ըստ երեւոյթին նորոգ ամուսնացած ըլլալուն՝ թիւը փոխարինած էր իր հարսանիքի օրուան յատուկ Just Married (նոր ամուսնացած) գրութեամբ…:

Աստուած խելք տայ իրեն(ց)՝ մեզի ալ համբերութիւն…:

Բարի լոյս սիրելի ընթերցող:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին