Նոր Ջուղայի հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի պատուիրակութիւնը, Յուլիս 21-ի առաւօտեան Հայաստան մեկնեցաւ` մասնակցելու Յուլիս 22-ին մեկնարկող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին կը յայտնէ Նոր Ջուղայի Հայ ՄՄ «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան:
Պատուիրակութեան ընդհանուր թիւը 12-է, որուն մաս կը կազմեն «Կռունկ» պատանեկան խումբը, մշակութային միաւորի վարչութեան ներկայացուցիչներ Քարմէն Ղեւեան, Նայիրի Այվազեան, միաւորի «Կռունկ» պարախումբի ղեկավար եւ պարերու բեմադրիչ Նունէ Մկրտչեան եւ փորձավար Քրիստինէ Յակոբեան:
Փառատօնի բացման հանդիսութեան ընթացքին, խումբը հանդէս պիտի գայ Սայեաթ Նովայի «Նազանի» երգի ներքոյ, իսկ փառատօնի ընթացքին կը ներկայացնէ` Անոյշ եւ Ինգա Արշակեաններու «Մենք ենք ու սարերը մեր», գուսան Շերամի «Շորորա», Սայեաթ Նովայի «Նազանի», Խաչատուր Աւետիսեանի «Էրզրումի շորոր» եւ ժողովրդական «Վերվերի» խմբային պարերն ու մենապարերը:
Նշելի է, որ պատուիրակութիւնը մեկնելէ առաջ ստացաւ Տ. Խաչատուր քահանայ Զարքարեանի օրհնութիւնը: Վերջաւորութեան պահպանիչ աղօթքով անոնց բարի երթ մաղթեց քահանայ հայրը:
Բարի երթ մաղթելու համար ներկայ էին նաեւ միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներն ու ծնողները: