Շաբաթ, 19. 07. 2025

spot_img

WikiLeaks-ը Հրապարակած է Թուրքիոյ Մէջ Իշխող Կուսակցութեան Ելեկտրոնային Նամակները

WikiLeaks կայքին մէջ հրապարակուած է Թուրքիոյ մէջ իշխող` Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ) ելեկտրոնային նամակներու առաջին խմբաքանակը` 294548 նամակ: Ելեկտրոնային նամակի հաղորդագրութիւնները վերցուած են 762 աղբիւրներէ, որոնց անունները այբբենական կարգով են` անգլերէն A տառէն մինչեւ I` akparti.org.tr հասցէով server-էն, որ համացանցի մէջ ԱԶԿ-ի հիմնական domain-ն է, կը հաղորդէ News.am-ը:

Ամենաթարմ նամակը, որ յայտնուած է WikiLeaks–ի տրամադրութեան տակ, թուագրուած է 2016-ի Յուլիս 6, իսկ ամենահինը 2010-ի է:

WikiLeaks-ը կը նշէ, որ այդ domain-ը հիմնականօրէն միջազգային հարցերով նամակագրութեան համար կը գործածուի, այլ ոչ թէ «զգայուն» ներքին հարցերու:

Նիւթը պատրաստուած է Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն մէկ շաբաթ առաջ: Հրապարակման ժամկէտները փոխուած են` իշխանական կառոյցներու մէջ սկսած զտումներուն ի պատասխան, կը յայտնէ Lenta–ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին