Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Ֆետերասիոնը Հաստատեց Որ Ապրիլին Հայութեան Դէմ Զինուորական Ոճիր Գործուած Է

Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը հաստատած է, որ Ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ խաղաղ բնակիչներուն ու զինուորներուն դէմ կատարուածը զինուորական ոճիր է:

«Վերջին 30 տարիներուն շրջանին մէջ ամէնէն կործանարար տագնապը ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է, որ կը շարունակէ խլել մարդոց կեանքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ միջազգային կառոյցին, տագնապը բաւարար ուշադրութեան չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ խաղաղ բնակիչներուն ու քաղաքային կառոյցներուն վրայ  յարձակումները  միջազգային իրաւունքի խախտում են:

Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը առանձնացուցած է ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ 3 տարեցներու  սպանութիւնն ու խոշտանգումը, ինչպէս նաեւ զինուոր Քեարամ Սլոյեանի գլխատումը:

Ընդգծուած է, որ  ազգութեամբ եզիտի Քեարամ Սլոյեանի կտրուած գլուխին լուսանկարը  տեղադրուած է ընկերային ցանցերուն վրայ` ներկայացուելով իբրեւ յաղթական աւար:

Յիշատակուած են նաեւ միւս 2 գլխատուած զինուորները:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ այս բոլորը զինուորական յանցագործութիւններ են:

«Սպաննուածներուն մարմիններու խոշտանգումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է», յայտարարած է միջազգային կազմակերպութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին