Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Մշակութային Ձեռնարկ Փեքինի ՄԷջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ` Փեքինի Ճինթայի արուեստի թանգարանին մէջ (Beijing Jintai Art Museum), հայկական կերպարներով ձեւաւորուած ցուցասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայաստանցի գեղանկարիչ Ալեքսանդր Դերոյեանի գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:

Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Ս․Մանասարեան, որ հակիրճ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան տարիներու անցած ճանապարհը, առանձնայատուկ կարեւոր համարեց երկու երկիրներու միջեւ մշակութային փոխհամագործակցութիւնը, ընդգծելով մշակութային շփումներու եւ փոխանակումներու աշխատանքը:

«Չինաստանի մէջ Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձի ծիրի մէջ կայացող մշակութային միջոցառումը, լաւ առիթ է չինացի արուեստասէր հասարակութեան ներկայացնելու հայկական գեղարուեստը», նշեց դեսպան Մանասարեան:

Բացման արարողութեան ներկայ էին Փեքինի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, ՉԺՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնեաներ, չինացի արուեստասէրներ, ինչպէս նաեւ շարք մը չինական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

10

11

12

13

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին