Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Իրանի Ահուազ Քաղաքէն Դէպի Երեւան Առաջին Թռիչքը Կայացած Է

Իրանի Ահուազ քաղաքէն դէպի Երեւան իրականացող առաջին թռիչքը կայացած է,-panorama.am-ի փոխանցմամբ կը հաղորդէ իրանական «ԻՍՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը:

Ահուազ կը գտնուի Իրանի հարաւ-արեւմտեան շրջանի Խուզիստան նահանգին մէջ:
Իրանական աղբիւրի փոխանցմամբ` Ահուազէն Երեւան թռիչքը կ’իրականանայ շաբաթը մէկ անգամ՝ Չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 8-ին:

Նշենք, որ ներկայիս ամէն օր Թեհրանէն Երեւան կանոնաւոր թռիչքներ  կ’իրականանան, անկէ զատ Մաշհատէն եւ Սպահանէն ալ կ’իրականանան  ոչ կանոնաւոր թռիչքներ:

Այս թռիչքով Երեւան  եկած են շուրջ 110 զբօսաշրջիկներ: Չուերթը Պէյք Խորշիտ օդանաւային ընկերութեան կը պատկանի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին