Լրագրողներ առանց սահմաններու (RSF) կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ լրագրողներուն մասին, որոնք օրեր առաջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձի ընթացքին ճնշումներու եւ յարձակումներու ենթարկուած են ու սպաննուած:
Ըստ «Ակօս»-ի կազմակերպութիւնը նշած է, որ թրքական իշխանութեան ներկայացուցիչները պէտք է գիտակցին՝ լրատուութեան ժողովրդավարական դիրքորոշման փաստը եւ վերջ տան քննադատող լրագրողներուն որպէս ազգի դաւաճան տեսնելու:
Լրագրողներ առանց սահմաններու կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, թէ ինչպէս թրքական TRT հեռատեսիլի ալիքի հաղորդավարուհիին ստիպած են՝ զինուորական յեղաշրջման մասին յայտարարութիւնը ընթերցել ուղիղ եթերով, ինչպէս գրաւած են ‹‹Տողան›› մետիա կեդրոնը, CNN Türk-ը եւ Kanal D հեռատեսիլի ալիքները:
Կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ ընկերային ցանցերը քննադատող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւ իշխանութեան ներկայացուցիչները, յեղաշրջման դէմ դուրս գալու կոչերը ստիպուած էին ընկերային ցանցերով ընելու:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ‹‹Ենի շաֆաք››-ի լուսանկարիչ-լրագրողիին վրայ կրակած են յեղաշրջման փորձ իրականացնող զինուորականները, միչդեռ ‹‹Հիւրիէթ››-էն Սելչուկ Շամիլօղլուի եւ CNN Türk–ի Անգարայի լրագրողին վրայ յարձակած են փողոց դուրս եկած կառավարամէտ քաղաքացիները:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի յայտարարութեան, որ ներողութիւն խնդրելով քաղաքացիներու պահուածքին համար` նշած էր, թէ անոնք լրագրողներու վրայ յարձակած են լարուածութեան եւ զգացմունքայնութեան պատճառով։