ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը յայտնէ, որ ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը զինուած յարձակումով գրաւելու եւ այնտեղ պատանդներ պահելու կապակցութեամբ, Յուլիս 17-ի վաղ առաւօտէն մինչ այժմ իրականացող հակաահաբեկչական գործողութեան արդիւնքով ազատուած են հինգ անձեր:
«Այժմ ՊՊԾ գունդի տարածքին պահուող միւս պատանդները ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ առկայ իրավիճակին վերջնական խաղաղ հանգուցալուծում տալու նպատակով կ՛իրականանան գործողութիւններ, ներառեալ կը շարունակուին բանակցային շփումները զինեալ խումբի անդամներուն հետ:
«Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը անգամ մը եւս կը յայտարարէ, որ ձեռնարկուող միջոցառումները առանձնայատուկ են եւ շատ մասնագիտական, ուստի անոնք կազմակերպող եւ իրականացնող անձինք կողմնակի միջամտութեան կամ օժանդակութեան կարիք չունին:
«ՀՀ իրաւապահ մարմիններու յատուկ ստորաբաժանումները կը շարունակեն մնալ մարտական պատրաստուածութեան վիճակի մէջ, սակայն անոնց գործունէութեան համար առ այժմ անհարժեշտ նախադրեալներ չկան», կը նշուի ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ: