Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆ-ը Դատապարտած Է Հայաստանի Մէջ Բռնութեամբ Քաղաքական Խնդիր Լուծելու Փորձերը

Միացեալ Նահանգները խստօրէն կը դատապարտէ՝ Հայաստանի մէջ բռնութեամբ քաղաքական փոփոխութեան հասնելու փորձերը:

ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի փոխխօսնակ Մարք Թոնըր այդ մասին ըսած է, Ուաշինկթընի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին:

«Կը ցաւակցինք Կիրակի օր Երեւանի Էրեբունի թաղամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի ընթացքին զոհուած եւ վիրաւորուած ոստիկաններուն: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք բռնութեամբ քաղաքական փոփոխութեան հասնելու փորձերը՝ Հայաստանի կամ որեւէ այլ երկիրի մէջ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընենք գործել համապատասխան զսպուածութեամբ եւ դարձեալ կը ցաւակցինք այն ոստիկաններուն, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը գրոհի ընթացքին», ըսած է Մարք Թոնըր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին