ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածուները պէտք է արտայայտեն իրենց յստակ դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Այս մասին յայտարարած է անկախ հետազօտող, Զօրեան հիմնարկի Ցեղասպանութիւն եւ մարդու իրաւունքներու համալսարանական ծրագիրի անդամ եւ «Ցեղասպանագիտութիւն» միջազգային ամսագիրի նախկին խմբագիր Սամուէլ Թոթեն, Զօրեան հիմնարկի պաշտօնական կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ:
«ԱՄՆ-ը տասնամեակներ շարունակ խուսափած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ կը շարունակէ այդ մէկը ընել` ելլելով քաղաքական նպատակայարմարութենէ: ԱՄՆ-ի նման դիրքորոշումը ուղիղ հակառակն է Գերմանիոյ օրինակին: Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ոչ միայն ընդունեց իր իսկ ազգի ներգրաւուածութիւնը՝ 1915 թուականի դէպքերուն, այլ նաեւ անուանեց մարդկութեան այս ողբերգութիւնը իր անունով` Ցեղասպանութիւն: Պունտեսթակի քուէարկութիւնը պէտք է ծառայէ որպէս վառ օրինակ միւս ազգերուն համար, որոնք տակաւին նոյն դիրքորոշումը ունին, ինչպէս ԱՄՆ-ը», «Արցախփրես»ի փոխանցմամբ ըսած է ան:
Ցեղասպանագէտին խօսքով ԱՄՆ-ի այժմեան կառավարութիւնը պէտք է օրինակ վերցնէ անցեալէն:
«Ան կրնայ արժէքներ որդեգրել իր նախնիներէն, մասնաւորաբար դեռ Ցեղասպանութեան տարիներուն օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուէն, որ տեղեկացուցած էր այդ ժամանակ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ռոպերթ Լանսինկին հայերու սպանդին մասին: Այդ ժամանակներէն ի վեր Մորկընթաուն եւ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը սկսան աշխատանքներ տանիլ տարբեր ուղղութիւններով: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ այդ մեծածաւալ ջանքերը ուղղուած էին միլիոններու հասնող դրամահաւաքներու կազմակերպման եւ կարիքաւորներու տրամադրման: Այլ խօսքով ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը եւ ամերիկացիները կը հրաժարէին ըլլալ հայերու բնաջնջման կողմնակիցները: Անոնք կը հրաժարէին հերքել այդ պատմական իրողութիւնը», նշած է ան:
Սամուէլ Թոթենի կարծիքով` ԱՄՆ-ի այժմեան դիրքորոշման պատճառը թերեւս՝ Թուրքիոյ ճնշումներուն տուրք տալն է:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը այժմ արդէն ԱՄՆ-ի համար պարզապէս բարոյական հարց չէ, այլ երկիրի արժանահաւատութեան: Ինչպէս կրնայ ԱՄՆ-ը դատապարտել այլ երկիրներու մէջ իրականացող մարդու իրաւունքներու խախտումները, կիրառել պատժամիջոցներ, երբ ան չի կրնար ազնուօրէն առերեսուիլ անվիճելի պատմական փաստի հետ: Նախագահ Օպամայի համար ուշ չէ փրկել իր համբաւը եւ արժանահաւատութիւնը երկիրին հանդէպ` միջազգայնօրէն ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս է ճիշդ ժամանակը», ընդգծած է Սամուէլ Թոթեն: