Ամերիկայի հայկական թանգարանը որոշած է ուշադրութիւն գրաւել աշխարհի մէջ մեծ տարածում ունեցող Pokemon Go խաղի օգնութեամբ:
Թանգարանը կը պատրաստուի իր կարգավիճակը օգտագործել որպէս «փոքեսթոփ» վայր, ուր խաղին համար արժէքաւոր առարկաներ կան:
Ըստ Armenian Weekly-ի` Pokemon-ը հնարաւոր է հեշտութեամբ գտնել թանգարանին մէջ: Այս շաբաթ թանգարանը առաջին 10 խաղցողներուն կը հրաւիրէ եւ ան, որ կը գտնէ ամէնէն հազուագիւտ Pokemon-ը, յատուկ պարգեւ կը ստանայ:
Рokemon Go-ն Nintendo ընկերութեան ստեղծած խաղն է` լրացուցիչ իրականութեամբ: Խաղցողներուն կ’առաջարկուի շրջիլ իրական տեղերով` վիրչուըլ հրէշները գտնելու համար: Յաւելուածը թողարկուած է Յուլիս 6-ին: