*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Կար ու չկար, խեղճ, չարչարուած ու աշխարհի պարտքերու տակ չոքած, բայց իբր թէ 5000-ամեայ փիւնիկեցիներու թոռները ըլլալու, ինչ որ երկնային միջամտութեան մը սպասող՝ վիլայէթի կամ թերակղզիի մը հաւատակից թագաւորներուն քարիւղին նաեւ առատաձեռնութեան վստահած՝ մեծամտութեան, ցնորքի եւ լաւատեսութեան բեռին տակ կքած խեղճ ու կրակ ժողովուրդ մը կար, որ նաեւ կը հաւատար, թէ իր երկիրը կանաչ է, արեւելեան Զուիցերիա ու երկինքէն կտոր մըն է…:
Խնդիրը սակայն այնքան ալ այդ ժողովուրդին խեղճութեան, մեծամտութեան, ցնորամտութեան կամ աւելորդ լաւատեսութեան մէջ չէր՝ ինչքան անոր գլխուն նստած պատեհապաշտ, շահամոլ, փտած ու այդ ժողովուրդին ճակատագիրին վրայ ազդելու մենաշնորհը ունեցող՝ անպատասխանատու «պատասխանատուներուն» գոյութեանը մէջ…:
Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ…: