Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Նիսի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուած է Ի Յիշատակ Ահաբեկչութեան Զոհերուն

Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Սուրբ Փիլիպոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, պատարագ մատուցուած է ի յիշատակ Յուլիս 14-ին Նիսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերուն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-ն, պատարագին մասնակցած են նաեւ Երուսաղէմի սուրբ Ղազարի միաբանութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆիլիփ Պիկապիետրան, Սուրբ Փիլիպոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գրիգոր Խաչատրեանը, Լոնտոնի սուրբ Մեսրոպ հայկական եկեղեցւոյ հովիւ հայր Շնորհք Պաղտասարեանը, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ այլք:

Պատարագին մասնակցած է նաեւ ահաբեկչութեան ընթացքին վիրաւորուած 10-ամեայ տղայ մը, որ եկեղեցւոյ երգչախումբին անդամ է:

Պատարագէն ետք հաւատացեալները արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ շարժած են Փրոմենատ տէզ Անգլեզ (Անգլիական ճեմուղի), ուր տեղի ունեցած է ահաբեկչութիւնը եւ աղօթած զոհուածներու հոգիներուն համար:

«Մենք եկած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերուն եւ վկայելու մեր համերաշխութեան ու սրտակցութեան մասին, կիսելու Նիսի բնակիչներուն ցաւը: Յիշելը հաւատքի եւ դիմադրութեան քայլ է, քանզի ատով կը պահպանենք կեանքի նկատմամբ յոյսը», դիմելով հաւաքուածներուն ըսած է Վահան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը:

Ֆրանսայի Միջերկրական ծովափի Նիս քաղաքին մէջ, Յուլիս 14-ի երեկոյեան տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով՝ զոհուած էին 84 մարդիկ եւ հարիւր ուրիշներ վիրաւորուած: Ֆրանսայի Ազգային տօնի առիթով բեռնատարը քշելով՝ ահաբեկիչը մխրճուած էր քաղաքի կեդրոնական հատուածներէն մէկուն մէջ հաւաքուած ամբոխին մէջ, ապա կրակ բացած մարդոց ուղղութեամբ: Վարորդը սպաննուած էր ոստիկաններուն կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին