Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Հայկական Գեղեցիկ Ընտանիք Մը Սթեֆանօ Կապանայի Instagram-ին Մէջ

Երէկ առաւօտեան Instagram-ի մէջ հրապարակուած լուսանկարները նայելու ընթացքին, իտալացի հանրայայտ ձեւաւորող, Dolce & Gabbana աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան համահիմնադիր Սթեֆանօ Կապանայի էջին վրայ,  գեղեցիկ ու այնչափ հաճելի լուսանկար մը գրաւեց ուշադրութիւնս: Աւելի երկար զննելէ յետոյ հասկցայ, որ նկարին մէջ պատկերուած ընտանիքը հայկական է (հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ այդքան լաւ ուսումնասիրեցի զայն): Լուսանկարին մէջ հայուհի Սոնա Սարգսեանի գեղեցիկ ու ներդաշնակ ընտանիքն է, որ կը մասնակցի  Dolce & Gabbana-ի իւրօրինակ լուսանկարներու նախագիծին: Այս մասին կը հաղորդէ NEWS.am STYLE-ը։

Նախագիծին նպատակն է հանրայայտ ապրանքանիշի կայքին վրայ ստեղծել ընտանեկան լուսանկարներու ալպոմ, ուր ներառուած կ’ըլլան աշխարհի տարբեր անկիւններ ապրող ընտանիքներու գեղեցիկ լուսանկարները: Անդամները պարտադիր չէ, որ ցուցադրեն այս ապրանքանիշի հագուստները, սակայն ընտանիքի եւ սերունդներու թեման պէտք է պահպանուած ըլլայ: Յատուկ այս նախագիծին համար ստեղծուած է #DGFamily հեշթեկը, որմով կարելի է գտնել հազարաւոր գեղեցիկ լուսանկարներ: Սակայն անոնցմէ ընդամէնը երկուքը  (այս պահու դրութեամբ), գրաւած են Սթեֆանօ Կապանայի ուշադրութիւնը, հետեւաբար յայտնուած են անոր Instagram-ին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին